
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Հեքիաթ» պատանեկան թատերախումբի անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցաւ 9 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, արժանանալով 130-է աւելի հանդիսականներու ջերմ գնահատանքին։
Յարութ Թահմազեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած՝ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» երկով բեմ բարձրացան 11 պատանի-պարմանուհիներ, որոնք խանդավառութեամբ ու մեծահասակի լրջութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած դերերը։ Պէտք է ընդգծել, որ այս առաջին քննութիւնը անոնք անցուցին բարձր նիշերով, ցուցաբերելով դերակատարութեան արժանիքներ, որոնք հետզհետէ պիտի զարգանան անկասկած։
Պատանեկան թատրոնը քաջալերելու համար ներկայ էին Թեմիս Կաթ․ Փոխանորդն ու քահանայ հայրերը, Պետ․ Ներկայացուցիչը, վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետն ու տնօրէնը, ուսուցիչներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք գնահատելով Համազգայինի ազգօգուտ գործոունէութիւնը, յաջողութիւն մաղթեցին նորակազմ թատերախումբին։
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամները կը յուսան, որ այս պատանիներու շարքերէն պիտի ընձիւղին ապագայ դերասաններ, կամ առ նուազն՝ խանդավառ թատերասէրներ։