
Համազգայինի հիմնադրութեան 85-րդ եւ գաղութիս մէջ իր կազմութեան
50-րդ ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան գրական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մեծարանքի գրական անզուգական երեկոյ մը՝ տօնախմբելու անմեռ յիշատակը չորս գլխաւոր հիմնադիրներուն՝ Համօ Օհանջանեանի, Նիկոլ Աղբալեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ Լեւոն Շանթի։
Ձեռնարկը կայացաւ Կիրակի, 2 Յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Համազգային Գօլստըն ճեմարանի Նալպանտեան սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Համազգայինի Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանի եւ գրասէր հասարակութեան կոկիկ խաւի մը։
Կարօ Քէշիշեան բացման խօսքով փոխանցեց օրուան խորհուրդը, որուն յաջորդեց «Հայոց Տառեր» մեներգը Սագօ Գաբրիէլեանի կատարողութեամբ։
Օրուան առաջին դասախօսն էր, Փանոս Մանճեան, որ ներկայացուց Համօ Օհանջանեանը, իբրեւ հայրենիքին անքակտելի յեղափոխական մարդը, վարչապետը, հասարակական գործիչը։ Ան շեշտեց, որ «Համազգայինը պիտի հանդիսանայ հայութեան միտքը, տեսիլք ու հաւատք ունեցող սերունդին՝ յանուն ազգային գաղափարին»։ Մանճեան իր խօսքը աւարտեց Օհանջանեանի շիրիմին վրայի հետեւեալ գրութեամբ՝ «Ապրեցաւ ինչպէս քարոզեց»: Ապա Լիլիթ Մուրատեան մեներգեց «Աղբիւրի Աղջիկ» երգը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վարդուհի Լէփէճեանի։
«Համազգայինին վերապահուած է մէկ մեծ դեր՝ ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին, մշակոյթին՝ եւ հաւատք ունենայ Հայ Դատի Յաղթանակին»,- խօսքը կը պատկանի Ն. Աղբալեանին, որուն կենսագրութեան լայնօրէն անդրադարձաւ Մ. Քորթեան, ապա Սագօ եւ նարեկ տէյիրմէնճեաններ նուագեցին Կոմիտասի «Քէլէ Քէլէ»ն, որմէ ետք Ազնիւ Ինկիլիզեան ասմունքեց «Հայկակակ Այբուբեն»ը, ապա յաջորդեց զուգերգը՝ «Կռունկ Բարով Դառնաս» Սագօ Գաբրիէլեանի եւ Հայկուշ Զէյթունցեանի կատարողութեամբ ։
Ազգապահպանման ու թատերական արուեստի մէջ դաստիարակիչ դերակատարութիւն ունեցած Գասպար Իփէկեանի մասին իր խօսքը փոխանցեց Զարուհի Մանուկեան։ Ան մէջբերեց հեղինակին հետեւեալ խօսքը՝ «Կարեւորութիւն մի տաք քարոզներուն, Խոհականութեան խօսքերուն։ Պաշտեցէք իտեալը, գաղափարը եւ լայն բացէք ձեր հորիզոնը, որքան կրնաք։ Մի՛ լսէք «չափաւորութեան» յորդորները, որովհետեւ այնքան դաժան է կեանքը, մեր կեանքը մանաւանդ, որ բնական կերպով ան կը չափաւորէ մեզ եւ կը ջլատէ մեր թռիչքները»։
«Մարտիկի երգ»ը եւ «Բարի Առաքիլ»ը քնքոյշ ձայնովն ու իր կիթառով մեներգեց Սարին Գարատանեան։ Ապա Նշան Պասմաճեան ներկայացուց մանկավարժ ու հոգեբան ազնիւ գաղափարներու եւ արարքներու տէր մարդը՝ Լեւոն Շանթը։ Ան անդրադարձաւ իր կեանքի ու գործունէութեան մասին, շեշտելով՝ «Ան երբեք չբաժնեց արուեստը գաղափարէն, գեղեցիկը ճշմարիտէն եւ երազը իրականութենէն։ Ան եղած է միշտ գործին հաւատացողը ու վեր ձգտողը»։
Կոմիտասի «Տըլէ-Եաման»ը ջութակի վրայ նուագեց Կարէն Պօյմուշագեան դաշնակի ընկց. Վարդուհի Լէփէճեանի, ապա Հայկուշ Զէյթունցեան մեներգեց «Երազ իմ Երկիր Հայրենի»։ Յայտագրի աւարտին Շրջանայինի խօսքը փոխանցեց Սեդա Յովակիմեան եւ Շրջանայինի անունով պատուեց գրական յանձնախումբի ընկերուհիները ծաղկեփունջով։
Հայրենի հիւր՝ Լիլիթ Գալստեանը իր սրտի խօսքով հրահրեց ներկաները ըսելով. «Ապագայ չունեն այն ազգերը, որոնք իրենց անցեալը չեն գիտեր պահել։ Հայադէմ սփիւռք պիտի չունենայինք եթէ անոնք չըլլային։ Հայ գրչով պահել է պէտք հայու ողնաշարը, երազի սահմանը մշակոյթի ճանապարհն է»։
Օրուան հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին ընկ. Կարոյի փակման սրտառուչ խօսքով։
Զարուհի Մանուկեան