
Համազգային Ճեմարանականներու Ուշադրութեան
Յունուար 2009-ի Armenian Heritage Cruise նաւային պտոյտին արդէն արձանագրուած են 60-է աւելի Ճեմարանականներ, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ Ճեմարանի նախկին ուսուցիչներ:
Մանրամասնութեանց համար կարդացէք այս էջին կցուած շրջապտոյտի թռուցիկը, ինչպէս նաեւ հայկական զանազան թերթերու մէջ սոյն ձեռնարկի վերաբերեալ յայտարարութիւնը:
Պիտի խնդրէինք արձանագրուողներէն, որ տեղեակ պահեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ճեմարանականներու պտոյտի պատասխանատու յանձնախումբը հետեւեալ հասցէին.
Jemaran.usa@gmail.com
Արձանագրուողներուն պիտի փոխանցուին զանազան մանրամասնութիւններ եւ Ճեմարանականներու օրուան յատուկ ծրագիրը:
Շուտով կրնաք կարդալ նաեւ այս նաւային պտոյտին մասին տեղեկութիւններ Facebook Ճեմարանականներու խմբակի էջերուն մէջ: Կ°արժէ այստեղ յիշեցնել նաեւ հետեւեալը.
«Հպարտ Ճեմարանականներ» անունով 300 երիտասարդներէ բաղկացած խմբակ մը արդէն արձանագրուած է www.facebook.com համացանցի վրայ: Հետաքրքրուողներ կրնան միանալ այս խմբակին ստանալով հրաւէր մը արդէն անդամագրուած ուրիշ անդամէ մը եւ իրենց կարգին արձանագրուիլ` կարդալու եւ ծանուցելու համար Ճեմարանը հետաքրքրող զանազան նիւթեր:
Փափաքողները կրնան դիմել Սօսի Տատոյեանին ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.
suesue17@aol.com
ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Ափի
Ճեմարանի Շրջանաւարտից Յանձնախումբ