
Շատերու համար, մանկութեան քաղցր յուշերու վերապրումի պահ է. ուրիշներու՝ թոռնիկներով կամ զաւակներով հպարտանալու եզակի առիթ: Սակայն այս բոլորէն անդին ու վեր՝ Համազգայինի Մանկապատանեկան Երգչախումբի տարեկան ելոյթը, հանդիսատեսին հոգիները հրճուանքով ու յոյսով պարուրող, հայեցի դաստիարակութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկն է:
Յունիս 26, 2011-ն է. վայրը՝ Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահ: Բեմը՝ երաժշտութեան դպրոց մը ըլլայ կարծես. ձայնաստիճաններու փայլուն նշաններ (notes), գոյզգոյն ծաղիկներ եւ դպրոցական իրերուն մէջտեղը նստած՝ փոքրիկ ջութակ մը:
Օրուան հանդիսավարը՝ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ընթացիկ տարուան փոխ-ատենապետուհի՝ Արշօ Արապաթեանն է: Վարչութեան անունով, ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծնողներուն՝ իրենց զոհաբերութեան եւ վստահութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն՝ իրենց անշահախնդիր աշխատանքին եւ Խումբի արհեստավարժ ղեկավար՝ Հռիփսիմէ Տէմիրճեանին՝ իր բծախնդիր եւ անդուլ գործունէութեան համար: Ապա հանդիսավարը ներկաները կը հրաւիրէ ունկնդրելու հայ ժողովուրդի «երգերու հարուստ գանձարան»էն փունջ մը:
Յայտագիրը ճոխ ու բազմերանգ է: Բեմէն ներս մուտք կը գործէ Խումբի ղեկավարը, որուն կը յաջորդեն մանիշակագոյն տարազներ հագած՝ 4-11 տարեկան 15 փոքրիկներ, մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսին դառնալով ու քաղցրօրէն ժպտելով: Յայտագիրը կը սկսի «Մանկական Աղօթք»ով, զոր խումբը լաւապէս կը կատարէ. կը յաջորդէ «Հայերէն երգենք»ը՝ վճռակամութեամբ եւ համոզիչ կատարումով: «Մի արեւ կայ մի լուսին»ին մենակատարներն են Մելանիա Շամահեան, Կարէն Տէմիրճեան եւ էլիզապէթ Գանտահարեան, որոնք Խումբին ընկերակցութեամբ, առանց շուարումի կ՚ամբողջացնեն երգը ու կարգը կը հասնի մայրիկին: «Մայրիկ ջան»ը կը կատարէ խումբը եւ «Մայրիկն այսօր ուշացել է»ի մենակատարն է՝ Անոյշ Յարութիւնեանը, որ իր անոյշ ձայնով կը հմայէ հանդիսատեսը: Ապա կը յաջորդեն «Եկէք երգենք», «Երգ Մասիսի» եւ «Կիլիկիա» երգերն ու հայրենասիրական երգերու շարան մը, ինչպէս՝ «Մշեցի մօր երգը» եւ «Արդեօք ովքե՞ր են»: Նշենք որ ամէն երգէ առաջ, երգին պատշաճող նախաբան մը կ՚ընթերցէ Մասնաճիւղի վարչական պատասխանատու՝ ջութակահար Սոնա Գալթակեանը:
Յաջորդ երգը «Գետաշէն»ն է. մենակատարները՝ Մինէ Ծատուրեանն ու Հայկ Յարութիւնեանն են , որոնք ապրումով կը ներկայացնեն երգը: Երգին կը նախորդէ ազդեցիկ դրուագ մը.- «Գետաշէն»ի եւ այլ ագգային երգերու հեղինակ՝ Գուսան Հայկազուն կը պատմէ թէ 1992-ին, Շահումեանի գաղթի ընթացքին, հայկական ջոկատներէն մէկը դիրքեր գրաւած է Շահումեանի եւ Մարտակերտի անտառներուն մէջ, անվտանգ գաղթ ապահովելու համար: Զինուորները կը տեղեկացնեն որ անտառներէն փոքրիկներու ձայներ կու գան, սակայն զինուորներուն արձագանգներուն պատասխանող չըլլար: Հրամանատարը գունդին կը պատուիրէ որ երգէ «Գետաշէն»ը: Այդ ժամանակ, թուփերուն մէջէն կը յայտնուի 80 տարեկան ծերունի մը, մէկ փողանի հրացանով, ետեւէն՝ 43 որբուկներ...դրուագ մը՝ որ «Գետաշէն» երգը աւելիով կ՚իմաստաւորէ: «Հովեր հովեր» երգի մենակատարն է Վանի Եագուպեանը, որ ինքնավստահ շարժուձեւերով կը գրաւէ հանդիսատեսը. անոր կը յաջորդէ «Աղջկայ երգը» քաղցր մենակատարութեամբ՝ Լիսա Սարգիսեանի: Ժողովրդական «Հալել եմ» երգին մենակատարն է՝ Էրիքա Խուդեանը, որ դարձեալ յստակ առոգանութեամբ եւ ինքնավստահօրէն կը կատարէ երգը: Յայտագիրը կ՚ամբողջանայ Գ. Էմինի «Կռունկ»ով, զոր Խումբը կը կատարէ համաչափ կերպով: Բոլոր երգերն ալ առանց վարանումի եւ անգիր կը կատարեն թէ՛ Խումբը եւ թէ մենակատարները, արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափահարութիւններուն:
Յայտագրի աւարտին, ղեկավարը՝ Հռիփսիմէ Տէմիրճեան, որ դաշկանով կ'ընկերակցէր երգողներուն, շնորհակալութիւն կը յայտնէ Համազգայինին, բոլոր ծնողներուն եւ իր ընտանիքին, իրենց ցուցաբերած զոհողութեանց համար:
Յոյժ գնահատելի է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի այս նախաձեռնութիւնը. ակնյայտ են ղեկավար՝ Հռիփսիմէ Տէմիրճեանի փորձառութիւնն ու դաստիարակելու անձնուէր ոգին. մեծապէս քաջալերելի են մեր փոքրիկները եւ գովելի՝ իրենց ծնողները:
Թամար Տօնապետեան
Թորոնթոհայ ամսաթերթ, Յուլիս 2011