
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի «Համազգային»ը ուրախութեամբ կը ծանուցանէ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակաբաշխութեան արդիւնքը: Այս տարի Ալիս Օհաննէսեան շահած է վերոյիշեալ մրցանակը իր «Օրհանի Ժառանգութիւնը» գործին համար:
Ալիս Օհաննէսեան ծնած է Քուէյթ, ապա երեք տարեկանին գաղթած Հարաւային Քալիֆորնիա եւ ներկայիս կը բնակի Սան Հուան Քափիսթրանօ (Քալիֆորնիա) իր ամուսնոյն եւ երկու որդիներուն հետ:
Ալիսի գիրին ու գրականութեան սէրը արթնցած է պատմաբանի մասնագիտութեամբ Արուեստից Պսակաւորի վկայականը ստանալէ ետք: Ան ընտրեալների շարքին էր, լաւագոյն նոր գրողներու կարգ մը մրցոյթներուն:
«Օրհանի Ժառանգութիւնը» Օհաննէսեանի առաջին արձակ հատորն է, որ ներկայիս կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու:
«Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակը հիմնուած է քսաներրորդ դարու կիսուն գրականութեան Քննադատ Մինասի եւ իր կնոջ՝ տարիներու վաստակաւոր ուսուցչուհի Գոհարի անուամբ: Այս Մրցանակին նպատակն է ճանչնալ եւ գնահատել Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին արդի գրականութեամբ զբաղող տաղանդաւոր երիտասարդները: Այս Մրցանակին ներկայացուող գործերը կրնան ըլլալ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն՝ հայկական բնոյթի նիւթերով եւ կամ եթէ հեղինակը ծագումով հայ է: