
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը իր առաջին Միջ-Վարչական ժողովը գումարեց Կիրակի, 31/1/2010-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լ Շանթ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ ընկ.՝ Վահէ Ժամագործեանի եւ շուրջ 40 ներկայացուցիչներու՝ Համազգայինի Շրջ. Յանձնախումբերու, Հաշուեքննիչ մարմնի, 4 մասնաճիւղերու, եւ 4 միաւորներու վարչութեանց:
Ժողովի բացումը կատարեց Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Հռիփ Կանանեան,որ ողջոյնի խօսքերէն ետք անդրադարձաւ միջ վարչական ժողովներու անհրաժեշտութեան, յատկապէս փոխադարձ ծանօթացման եւ գործակցութեան ծիրէն ներս, մատնանշելով թէ մշակոյթ բառը առաւել շօշափելի կը դառնայ երբ համազգայնականներ սերտ յարաբերութեամբ անտեսանելին կը վերածեն տեսանելիի :
Ապա խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկ. Վահէ Ժամագործեան, որ բարի գալուստի իր խօսքէն վերջ անդրադարձաւ նմանօրինակ հանդիպումներու անհրաժեշտութեան եւ հաւաքականութեան վրայ անոնց ունեցած շինիչ ազդեցութեան: Ընկերը անդրադարձաւ նաեւ հայ թրքական արձանագրութիւններուն, «Բագին» պարբերականի հարտարակութեան եւ քննարկեց շրջանիս մէջ անոր տարածման դրութիւնը:
Օրակարգի ընթացքով Շրջ. Վարչութեան ատանապետուհին ընթերցեց Շրջ. Վարչութեան հնգամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը. անդրադարձաւ տեղի ունեցած իրագործումներուն եւ համապատասխան արժեւորումներուն: Ընթերցեց նաեւ Կեդր. Վարչութեան յղած ամփոփ տեղեկագիրը, որուն շուրջ եղած լուսաբանական հարցումներուն սպառիչ ձեւով պատասխանեց ընկ. Վահէ ժամագործեան:
Ժողովը լսեց Մասնաճիւղերու եւ միաւորներու ներկայացուցիչներու ամփոփ զեկոյցները, անդրադարձաւ անոնց ներքին դժուարութիւններուն, առիթ ստեղծեց լսելու վարչութիւններու յաջորդական ծրագիրները եւ կատարելու համապատասխան դասաւորում:
Ժողովին առընթեր, Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեան ժողովականներուն ներկայացուց «Կազմակերպուած ժողովական ըլլալու յատկանիշները» թեմայով դասախօսութիւն մը, ինչ որ պատգամ մըն էր խորհրդածութեան եւ ինքնաքննարկումի իւրաքանչիւր ժողովականի համար:
Ժողովը շարունակուեցաւ օրակարգի հերթականութեամբ եւ աշխատանքը աւարտեց երեկոյեան ժամը 6:00-ին: