
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, կիրակի, 8 Յունիս 2008-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ճեմարանի շրջափակին մէջ Ճեմարանի տարրական բաժինը ներկայացուց «Խելացի մարդը» երաժշտական թատերախաղը՝ ներկայութեամբ դպրոցի պատասխանատուներուն, ճեմարանականներու եւ ծնողներու:
«Խելացի մարդը» թատերախաղը գրուած է հետեւողութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը» հեքիաթին:
Թատերախաղին մէջ մարդ մը (Քրիստ Բրուտեան) կը հանդիպի գայլի մը (Սարօ Փիլիպոսեան), աղջկայ մը (Արենի Խաչատուրեան), եւ ծառի մը (Մանէ Պասմաճեան), որոնք դժգոհ են: Ագռաւը (Նարօտ Սերուժեան) կþօժանդակէ մարդուն եւ վերջինս Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ ու կը գիտնայ, թէ իւրաքանչիւր անհատ ինք պէտք է կերտէ իր բախտը եւ փնտռէ երջանկութիւնը:
Թատերախաղի աւարտին իւրաքանչիւրը կը դառնայ երջանիկ՝ գտնելով իր ուրախութեան գաղտնիքը:
Թատերախաղին մէջ Ճեմարանի Ա., Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտները դերասաններու կողքին երգերով ու պարերով ստեղծեցին գեղեցիկ մթնոլորտ: «Ի¯նչ ուրախ է այս գարուն», «Տանք ձեռք-ձեռքի բարեկամներ» եւ այլ երգերու կողքին ներկաները նաեւ դիտեցին «Ագռաւներու պարը», «Վալս», «Հայկական պար» եւ այլ պարեր:
Թատերախաղի հեղինակ-բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավարն է Ռոպերթ Առաքելեան, երգուսոյցը՝ Մարինա Պարտիզպանեան, իսկ պարուսոյցը՝ Մարիժան Ատուրեան:
Թատերախաղի ներկայացումէն ետք խօսք առաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ շեշտեց, թէ այս ձեռնարկը տարուան մը աշխատանքին ամփոփումն է, ուր համախմբուած են արուեստի բազմազան ճիւղեր:
Ճինպաշեան նշեց, որ գեղարուեստական այս երեկոն հայկական մշակութային արժէքները ներկայացնելու առիթ մըն է:
Ապա ներկաները դիտեցին աշակերտութեան գեղանկարներն ու ձեռային աշխատանքները, որոնք ունէին բազմաթիւ թեմաներ: