ԱՄՆ եւ Գանատա

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Տիգրան Գազանճեանէ (ատենապետ), Յասմիկ Աբրահամեանէ (քարտուղար) եւ Արեւիկ Գաբրիէլեանէ (խորհրդական), ընկերակցութեամբ Նիւ Եորքի մասնաճիւղի փոխատենապետուհի Աստղիկ Սեւակի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներ Անի Չաղլասեանի եւ Ֆլորա Գասպարեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեցին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդ Արք. Օշական Չօլոյեանին: