
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մասնաճիւղի 20-րդ Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Յուլիս 2021-ին ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ, համաճարակի պատճառով միամեայ ուշացումով։
Քննելէ ետք նախորդ երկու տարիներու գործունէութիւնը, Ընդհանուր Ժողովը գտաւ որ հակառակ համաճարակի պատճառած արգելքներուն, շրջանաւարտ Վարչութիւնը գնահատելի ու արդիւնաւոր աշխատանք տարած է մասնաճիւղի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, յատկապէս մինչեւ 2020-ի Մարտ ամիսը երբ սկսաւ առաջին «Լոքտաուն»ը։
Ընդհանուր Ժողովը՝ «Սիփան», «Կիլիկիա» եւ «Անի» Պարախումբերու, «Դիմակ» եւ պատանեկան «Հեքիաթ» թատերախումբերու, Մշակութային Երեկոներու եւ Պաֆոսի, Լիմասոլի ու Լառնաքայի համայնքներուն մէջ աշխատանք տանելու կապակցութեամբ եւ այս գործունէութիւնը ընդլայնելու եւ դէպի երիտասարդութիւնը բացուելու առաջադրանքով առաւ համապատասխան որոշումներ:
Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Արթօ Դաւիթեան (Ատենապետ), Ինգա Մինասեան (Քարտուղար), Անի Կարապետեան (Գանձապահ), Սիւզաննա Նազարեան եւ Արթուր Մակարեան: