ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Հոկտեմբերին, Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք յատուկ հրաւէրով մը կը գտնուէր Նիւ Ճըրզի, ուր մասնակցեցաւ Ramapo Collegeի մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան նուիրուած հանրային հաւաքի մը։
Ի պատիւ Ռաքէլ Տինքին, Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը ընկերային հաւաք մը կազմակերպեց Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Դալար Սարաֆեաններու բնակարանէն ներս։
Հաւաքը ընթացաւ ընկերային մթնոլորտի մէջ։ Հոն ներկայ էին նաեւ Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Հրայր Պարոնեան, ինչպէս նաեւ Գերմանիայէն նոյն առիթով ժամանած Համպուրկի համալսարանի դասախօս Իշխան Չիֆթճեան։