Եւրոպա

Շաբաթ, 27 Օգոստոս 2022-ին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի չորս պարախումբերու միացեալ հանդիպումը, որուն ընթացքին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան։
Համազգայինի Լիբանանի «Քնար», Աթէնքի «Նայիրի», Սելանիկի «Մասիս» եւ Կիպրոսի «Սիփան» պարախումբերը 80 պարողներով կը մասնակցին Գոմոթինի քաղաքի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած «Armenia A(live) 2022» հայկական պարի փառատօնին։