
Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի տարեկան պարարուեստի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 3 Մայիս 2025-ին, Նիկոսիայի քաղաքապետարանի թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Պարի Միաւորին եւ նուիրուած «Սիփան» պարախումբի 25-ամեակին, ներկայութեամբ աւելի քան 700 հանդիսատեսներու։
Ձեռնարկը կը վայելէր Նիկոսիայի քաղաքապետ Խարալամպոս Պրունծոսի եւ Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութիւնը։ Հրաւիրեալներու կարգին կը գտնուէին ներկայ ու նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, Մշակոյթի Ենթանախարարութեան պաշտօնատարներ, արուեսdագէտներ եւ մշակոյթի գործիչներ ։
Յայտագրին մաս առին Համազգայինի պարախումբերը, Նիկոսիայի՝ «Սիփան», Պաֆոսի՝ «Անի» եւ Լիմասոլի՝ «Կիլիկիա», ինչպէս նաեւ Նիկոսիայի «Նանօր» մանկապատանեկան պարախումբը, որ կազմուած է Պետ․ Ներկայացուցիչին նախաձեռնութեամբ։
Յայտագրի գործադրութեան առաջին իսկ վայրկեանէն, ներկաները լարուած ուշադրութեամբ եւ բացայայտ խանդավառութեամբ հետեւեցան մեր ազգային պարերուն, որոնք անթերի յաջորդականութեամբ կատարուեցան, շնորհիւ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանին, որ դարձեալ գերազանցեց ինքզինք իր բեմագրական ու պարարուեստի յղացումներով։
Յայտագրի կէսին, «Սիփան» պարախումբի անդամները նահատակ հերոսներու նկարները կրող շապիկներով կատարեցին «Ինչու Գնալ Եռաբլուր» կենդանի պատկեր-պարը, որուն մասնակցեցան նաեւ զոհուած հերոսներու երեք մայրեր, յատկապէս հրաւիրուած Հայաստանէն։
Այս տարի հանդիսատեսները վայելեցին նաեւ սոփրանօ Տիկին Ծովիկ Տօներեան-Նաշալեանի գեղեցիկ ձայնը եւ Տիկին Նանօր Տօներեան-Քէլէշեանի հոյակապ մենապարը։
Յայտագրի վերջաւորութիւնը նշուեցաւ «Սիփան» Պարախումբի 25-ամեակին նուիրուած ցնցիչ ֆինալով, որ խելայեղ ծափահարութեամբ ողջունուեցաւ ներկաներուն կողմէ։
Համազգայինի պարախումբերու տարեկան ձեռնարկը իր ճոխ յայտագրով ու120 պարողներով դարձեալ փաստեց, որ Համազգայինը ոչ միայն հայ համայնքին՝ այլ ամբողջ Կիպրոսի մէջ հիմնական դերակատար է։ Վարձքը կատա՛ր Պարուսոյցին ու Պարի Միաւորի ժրաջան անդամներուն։