
Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» երկսեռ պարախումբերը, մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններու առիթներով, ելոյթներ ունեցան՝ յոյն ժողովուրդին ներկայացնելով հայկական աւանդական պարերն ու երաժշտութիւնը:
Գլխաւոր ու ամէնէն տպաւորիչ ելոյթը անշուշտ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնած երեկոն էր, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի Սթիլես Օլիմպիու Տիոս հնագիտական վայրէն ներս: Ձեռնարկը նուիրուած էր Հայոց եւ Յոյներու Ցեղասպանութեանց եւ յատկանշուեցաւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամէնոսի ողջոյնի խօսքով ու Թուրքիոյ մերժումի քաղաքականութեան դէմ իր խիստ քննադատական արտայայտութիւններով: Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ ունեցան Համազգայինի պարախումբերը, յատկապէս պատրաստուած բեմա-պարային ներկայացումներով, պոնտական մշակութային կազմակերպութեանց հետ միասնաբար:
«Կը յիշենք, կը յարգենք, կը շարունակենք...» խորագիրը կրող ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 21 Մայիս 2016-ին եւ խորապէս տպաւորեց հազարաւոր ներկաները, որոնք հակառակ կանուխէն սկսած անձրեւին, ներկայ եղան բացօթեայ այս խորհրդանշական վայրէն ներս, վայելելով հայկական մշակոյթի բարձրորակ նմոյշները: