
29 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղին, Ստրովոլոսի Քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սիփան», «Անի», եւ «Կիլիկիա», ինչպէս նաեւ «Նանօր» մանկապատանեկան պարախումբերու 22-րդ տարեկան միացեալ ելոյթը, պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ։
Ձեռնարկը ձօնուած էր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, եւ Համազգայինի դիմատետրի էջի կենդանի հեռարձակումով, աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած Մելգոնեանի սան-սանուհիները կրցան հետեւիլ յայտագրին։
Ձեռնարկը կը վայելէր խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիուի, ինչպէս նաեւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութիւնը։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ այդ օրերուն Կիպրոս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի։
Յայտագրի առաջին մասով ներկաներուն հրամցուեցան 15 պարեր, իսկ երկրորդ բաժինով՝ «Մելգոնեան» թեման։ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները ներկայացուեցան բեմին վրայ, ուր անոնք կը զրուցէին որբանոց մը բանալու գաղափարի շուրջ եւ ետքը, վկայեցին անոր ընթացքն ու զարգացումը։ Անոնց խօսակցութեան ընթացքին, մերթ ընդ մերթ կը ներկայացուէին նիւթին հետ առնչուող պարեր, «Սիփան» պարախումբին կողմէ։
Աւելի ետք, ներկայացուեցաւ զրոյց մը Հաստատութեան երաժշտութեան երկարամեայ ուսուցիչ Վահան Պէտէլեանի եւ զինք փոխարինող՝ Սեպուհ Աբգարեանի միջեւ, մինչ բեմին վրայ ցուցադրուած էր Պէտէլեանի իսկական ջութակը։ Վերջաւորութեան, պարախումբը Աբգարեանի ղեկավարութեամբ պարեց «Զարթիր Լաօ» եւ «Արդեօք Ովքեր Են» երգերու հնչիւններով, ընդհանուր խանդավառութեան ալիք մը բարձրացնելով սրահէն ներս։
Ակնյայտ էր արցունքախառն ուրախութիւնը մեծաթիւ մելգոնեանցիներուն, որոնք Համազգայինին եւ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանին իրենց շնորհաւորութիւնները արտայայտեցին ամենաջերմ բառերով։