
Երկու տարիներու դադարէ ետք Համազգայինի եւ «Նանօր» պարախումբերու 21-րդ տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ 450-է աւելի հանդիսատեսները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին 122 պատանիները որոնք յայտագրի վերջաւորութեան համախմբուեցան բեմին վրայ, իրենց մէջ ունենալով գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանը, որուն անխոնջ ջանքերով իրագործուեցաւ այս շքեղ հանդիսութիւնը։
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Սիփան», Լիմասոլի «Կիլիկիա», Պաֆոսի «Անի», ինչպէս նաեւ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ կազմուած մանկապատանեկան «Նանօր» պարախումբի «Կարս», «Վան» եւ «Արեւիկ» խումբերու ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 21 Նոյեմբերի երեկոյեան, բարձր հովանաւորութեամբ Կրթութեան, Մշակոյթի, Սփորի եւ Երիտասարդութեան նախարար Պրոտրոմոս Պրոտրոմուի եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։ Իր վսեմաշուք ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Տիկին Աննիթա Տիմիթրիուն։ Հրաւիրեալներու կարգին կը գտնուէին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Խորէն Արք․ Տողրամաճեանը, տասնեակ մը պետութիւններու դեսպաններ եւ ներկայացուցիչներ, քաղաքապետեր եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։
Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք իր ողջոյնի խօսքը յղեց նախարար Պրոտրոմոս Պրոտրոմու, որ դրուատելէ ետք կիպրահայութեան հաւատարմութիւնն ու սէրը իր մշակոյթին հանդէպ, բարձր գնահատեց նաեւ Համազգայինի տարած աշխատանքը խոստանալով, որ իր նախարարութիւնը պիտի շարունակէ բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն ընծայել անոր, ինչպէս անցեալին։ Ապա հնչեց զուռնան, որոտաց դհոլը եւ «Սիփան» պարախումբի երիտասարդները յայտագիրը բացին ազգագրական պարերու շարանով մը, որմէ ետք վեց խմբաւորումները ամբողջացուցին մէկուկէս ժամուան յայտագիրը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ արդի պարի զուգապար մը Անաստասիա Աղազարեանի եւ Ճօ Ղայատի կողմէ, ինչպէս նաեւ «Եարը Մարդուն Եարա Կու տայ» մեներգը, կատարողութեամբ Էտկար Էվոյեանի։
Ներկաները սրահէն դուրս ելան հպարտութեամբ ու ոգեւորութեամբ, մոռցած ըլլալով հանդիսութենէն առաջ սրահի մուտքին թագավարակի կանոններու հսկիչ խմբակին ստեղծած անախորժ խճողումը։ Թագավարակին պատճառով կարելի չէր եղած այս ձեռնարկը անցեալ տարի կազմակերպել, սակայն այս տարի, հաճելի զուգադիպութեամբ 21-րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 2021-ի Նոյեմբերի 21-ին, իր մակարդակով, բեմայարդարութեամբ եւ ճշգրտութեամբ գերազանցելով բոլոր նախորդ ելոյթները։
Վարձքը կատար՝ պարողներուն, պարուսոյցին, խումբերու պատասխանատուներուն, օգնականներուն եւ վարչութեան անդամներուն, որոնք ջանք չխնայեցին ձեռնարկի յաջողութիւնը ապահովելու համար։