
Շաբաթ, 4 եւ Կիրակի, 5 Մայիս 2019-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը ներկայացուց Անիթա Հարթի եւ Մորիս Պրատէլի «Կասկածեալը» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ Լենա Խաչերեանի:
Թատերախաղին թարգմանութիւնը կատարած է Ճորճ Սարգիսեան, մշակումը՝ Լենա Պարսումեան եւ Լենա Խաչերեան, բեմայարդարման պատրաստութիւն՝ Յակոբ Գարայեան, լուսաւորումն ու թեքնիք բաժինը՝ Ռուբէն Սարգիսեան եւ Սերժ Եսայեան, բեմավարութիւնը՝ Անի Տիվարչի եւ Ծովիկ Հայիթեան, իսկ յուշարարութեան պարտականութիւնը ստանձնած էր Լենա Պարսումեանը։
Երեք արարներէ բաղկացող թատերախաղին նիւթը կը ներկայացնէ մոնթրէալաբնակ բազմանդամ ընտանիքի մը առօրեայ կեանքը փոթորկող դէպք մը: Առաջին արարին սկզբնաւորութեան, ընտանիքին մէջ կը յայտնուի նոր անդամ մը՝ նորածին երեխայ մը, որուն կապակցող գաղտնիքը բացայայտելու համար ընտանիքի բոլոր տղամարդիկը կը դառնան կասկածեալներ: Պատահարը պատճառ կը դառնայ, որ իւրաքանչիւր կասկածեալ անդամ փորձէ վերյիշել անցնող շրջանին իր գաղտնի արարքներն ու արկածախնդրութիւնները, վարած շուայտ կեանքն ու ցանկամոլութիւնը:
Դէպքերու զարգացման ընթացքին կնճռոտ հարցեր կ'առաջանան. կը վտանգուի իւրաքանչիւրին ընտանեկան-սիրային կեանքը, երբ ի յայտ կու գան անոնց ծածուկ արարքներն ու տղայական սայթաքումները: Իւրաքանչիւրը ինքնարդարացման համար հաւանական կասկածի առարկայ կ'ուզէ դարձնել ընտանիքի միւս անդամները: Հանգոյցը կը հասնի իր գագաթնակէտին, թիւրիմացութիւններ կ'առաջանան, ընտանիքին իգական սեռի անդամներն ալ միջամուխ կ'ըլլան դիպաշարերուն հետագայ զարգացումներուն, լուծումներ կ'որոնեն բոլորը, սակայն իւրաքանչիւրը իր հայեցողութեամբ կը փորձէ լուծել հարցը, յաճախ իրարմէ անտեղեակ եւ զիրար հակասող՝ զաւեշտալի պահեր ստեղծելով:
Հանգոյցին անսպասելի լուծումն ու խորհրդաւոր գաղտնիքին անակնկալ բացայայտումը թատերախաղի երրորդ արարին վերջաւորութեան պատճառ կը դառնան, որ կծիկը քակուի, բոլոր հարցերը բարւոք լուծումի մը յանգին, կասկածները փարատին եւ ընտանիքին կասկածեալ անդամները փրկուին անխուսափելի խայտառակութենէ:
Կատակերգութեան չափազանցուած կերպով ներկայացուած դէպքերու զարգացման ընթացքին կը բացայայտուի իւրաքանչիւր անդամի՝ իգական սեռի թէ արական, կասկածեալ անդամի կամ ոչ, յոռի կողմերն ու թերացումները՝ ծիծաղաշարժ կերպով: Երեւան կու գայ կասկածելիներուն տագնապն ու անձկութիւնը՝ գաղտնաբար գործուած գայթակղութիւններուն բացայայտումի երկիւղէն: Կատակերգութիւնը ծիծաղաշարժ կերպով կը ներկայացնէ ընտանեկան կեանքը վտանգող գայթումներն ու ընտանիքին անդամներուն վերաբերումը՝ նման հարցերու նկատմամբ:
Դերակատարները յաջողած էին լաւագոյն կերպով ներկայացնել իրենց վստահուած դերերն ու վարպետօրէն կատարել խաղարկութիւնն ու կերպարներուն պատկերացումը: Բծախնդրութեամբ կատարուած էր բեմի կահաւորումը, դերակատարներուն զգեստաւորումը՝ ըստ դերի, դերակատարներուն վարսայարդարումն ու շպարումը, ինչպէս նաեւ բեմի լուսաւորումն ու երաժշտութեան ներմուծումը. մէկ խօսքով ակներեւ էր բեմադրիչին մասնագիտական հմտութիւնն ու բծախնդրութիւնը՝ թատերախաղի իւրաքանչիւր բարեմասնութեան մէջ, որուն վստահաբար կ'աջակցէին գուլիսին ետեւ իրենց մասնակցութիւնը բերող անձինք:
Նշենք, որ ելոյթներու դադարներուն տեղի ունեցան սուրճի հիւրասիրութիւն եւ քաղցրեղէնի վաճառք, իսկ ելոյթներուն աւարտին «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով,՝գնահատելով աշխատակազմն ու ներկաներուն քաջալերանքը:
Ընդառաջելով ժողովուրդի բուռն փափաքին, յաւելեալ ելոյթ մը եւս տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 10 Մայիս 2019-ին:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան