ԱՄՆ եւ Գանատա

Համազգայինի Պրազիլի նորընտիր վարչութիւնը 4 Օգոստոս 2019-ին ստացաւ Թեմի Առաջնորդ Տէր Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեանի օրհնութիւնը։ Սրբազան Հայրը հակիրճ ձեւով խօսեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան Եւ առաքելութեան մասին, յիշեցուց նաեւ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւէ Համազգայինը Սփիւռքի մէջ, մասնաւորաբար՝ Սան Փաուլոյի նման հին գաղութի եւ մեծ քաղաքներու մէջ։ Ան իր բարեմաղթանքները փոխանցեց վարչութեան եւ պատրաստակամութիւնը յայտնեց պէտք եղած աջակցութեան՝ միշտ Հայ կեդրոնի դռները բաց պահելով Համազգայինի առջև։