
Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի արուեստի յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր լծուած էր իր տեսակին մէջ եզակի ցուցահանդէսի մը պատրաստութեան աշխատանքներուն: «Ուղեւորութիւն հայկական գեղանկարչութեան ընդմէջէն» կոչուող այս ցուցահանդէսին իւրայատկութիւնը կը կայանար անոր մէջ, որ 1800-էն 2000 երկարաձգուող ժամանակաշրջանին ապրած եւ ստեղծագործած արժէքաւոր արուեստագէտներու գործերը համակարգչային հեռարձակմամբ ցուցադրուած էին մեծ պաստառներու վրայ:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 16 նոյեմբեր 2019-ին, ժամը 7:00-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Խաչատուրեան Կեդրոնին մէջ: Հոծ եւ խանդավառ բազմութիւն մը ներկայ էր:
Վարդգէս Սուրէնեանցի «Ֆիրտուսին իր Շահնամէն կը կարդայ» գործին պարսկական մանուածապատ գորգերէն սկսելով, անցնելով Յակոբ Յովնաթանեանի պատկերած կիներու զգեստներուն գեղեցիկ թեզանիքներուն ու մատանիներով զարդարուած նուրբ ձեռքերուն, հասնելով մինչեւ Կալենցի արտայայտիչ դիմանկարները՝ հայ նկարիչներու գեղանկարները կը տողանցէին իրարու ետեւէ: Տակաւի՛ն՝ Մ.Սարեանի քաջալերական խօսքերը Մ.Աւետիսեանին, երբ այս վերջինին աշխատանոցը հրոյ ճարակ դարձած էր՝ կը ցնցէին դիտողներու ներաշխարհը. «Մինա՛ս, հիմա է ժամանակը բոլորին ցոյց տալու թէ ոեւէ մէկէն աւելի՛ զօրաւոր ես: Թոյլ մի՛ տար, որ թշնամիներդ մտածեն թէ յուսահատած ես»: Ան վրձիններ նուիրած էր իր երիտասարդ ընկերոջ, որպէսզի վերսկսէր նկարելու: Իսկ հայ նկարչուհիները՝ Ասլամազեան քոյրերը, Լիւսի Թիւթիւնճեան եւ Ժագլին Օհանեան կը թեւածէին իրենց գունաւոր պտուղներով, ծաղիկներով ու ձիերով, անգամ մը եւս փաստելով հայ կնոջ նուրբ ընկալումը իր շրջապատին եւ ներքին ուժը՝ զայն փոխանցելու իրե՛ն յատուկ զգայնութեամբ:
Երկար է ցանկը ներկայացուած արուեստագէտներուն, որոնց շարքին էին նաեւ՝ պարսկահայ նկարիչներ՝ Սմբատ, Յ.Վարդանեան, Մ. Շահպազեան եւ Ե.Նահապետեան: Ամբողջական ցանկ մը չէր անշուշտ եւ բազմաթիւ արժէքաւոր նկարիչներ դուրս մնացած էին, պարզ այն պատճառով, որ Սան Ֆրանսիսքօ բնակող երիտասարդ մայրեր ընտրած էին իրենց նախընտրած արուեստագէտները եւ ուսումնասիրած՝ անոնց գործերը: Տասնութ երիտասարդ մայրերէն ոմանք ընտրած էին Այվազովսկի, Արշիլ Կորքի, Կիւվտեր, Ժանսեմ, մինչ ուրիշներ՝ Փոլ Կիրակոսեան, Շանթ Աւետիսեան,Գրիգոր Խանճեան, եւայլն:
Հայկական երաժշտութիւնը լեցուցած էր սրահը եւ հին ու նոր բարեկամներ իրարու հանդիպելով մշակոյթ եւ բարձր արուեստ բուրող վայրի մը մէջ՝ հպարտ կը զգային, որ կը պատկանէին այսպիսի արժէքաւոր արուեստագէտներ ծնած ժողովուրդի մը: Անոնք խանդավառ եւ քիչ մը աւելի հայացած մեկնեցան սրահէն:
Յաջորդ օրը գաղութին փոքրիկներուն կարգն էր. դիտելէ ետք հայ նկարիչներու կարգ մը գործերը, անոնք փորձեցին Մարտիրոս Սարեանի կամ Երեւանի մանկական ստեղծագործութիւններու թանգարանին մէջ իրենց գործերը ցուցադրած աշակերտներուն գործերուն նման նկարներ ստեղծել:
Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ արուեստի յանձնախումբի անդամներուն սիրտերը հրճուանքով լեցուած էին ի տես այս ձեռնարկի յաջողութեան: Անոնք անգամ մը եւս փաստած էին, որ միասի՛ն ծրագրելով, բծախնդրօրէն աշխատելով եւ հաւատալով իրենց նախաձեռնած գործի կարեւորութեան՝ կարելի է մէջտեղ բերել դժուար իրագործելի, բայց արժէքաւոր ձեռնարկ մը:
Հայկական երանգապնակներէն հասնող գոյն-գոյն ու ջերմ ծափահարութիւններ՝ բոլո՛ր մասնակիցներուն: