
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայաստանի անկախութեան հիմնադրութեան առիթով տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան եկած Համազգայինի Սուրիոյ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի ելոյթը՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ բազմութեան: Պարուսոյց՝ Պետրոս Ղարիպեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ բազմահազար լիբանանահայեր աշխարհի չորս ծագերէն կը ժամանեն իրենց ծննդավայրը՝ կատարելու համար իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ «Սարդարապատ» պարախումբին ելոյթին Հայաստանի անկախութեան տօնին զուգադիպութիւնը մեծ ուրախութիւն է, եւ «Սարդարապատ»ով Սարդարապատի յաղթանակը տօնելու լաւագոյն առիթ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Սարդարապատ» պարախումբը, որ պարեց «Հայոց քաջեր», «Իրիկնային», «Շալախօ», «Հովիւներու պար», «Հայոց կռունկներ», «Քեզ իմ Հայաստան» եւ այլ պարեր: 14 պարերուն մէջ «Սարդարապատ»ը նաեւ ներկայացուց վրացական եւ մոլտաւիական պարեր: Յայտագիրին նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի մեծ աղջիկներու խումբը, որ ներկայացուց «Ուզունտարա» եւ «Լոռկէ» պարերը: Ասմունքներով գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Սալին Փոլատեան:
Շուրջ երկու ժամուան ընթացքին «Սարդարապատ» պարախումբը լիբանանահայ հանրութեան մատուցեց պարարուեստի բարձրորակ ու համաչափ ներկայացումներ, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին, իսկ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը իրողապէս ամրացուց երկու երկիրներուն մէջ գտնուող կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը: