Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը ակամայ ընդմիջումէ մը ետք, Կիրակի, 8 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս վերստին բեմ բարձրացաւ, խմբավարութեամբ Յարութիւն Ալապոզանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Երգչախումբը հալէպահայ արուեստասէր հանրութեան ներկայացուց` աշուղական, սիրային եւ հայրենասիրական ճոխ երգացանկ մը: Հետաքրքրական էին յայտագրին մէջ տեղ գտած` մեներգները, զուգերգները, թատերական ու պարային հաճելի մէջբերումները, որոնք յաւելեալ փայլք տուին երգչախմբային երգեցողութեան: