
Երեւանի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատերախումբի Կիպրոս այցելութեան առիթով, Համազգայինի Կիպրոսի Մեկուսի Վարչութիւնը թատերախումբի անդամներուն ի պատիւ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, շրջանի ակումբին մէջ։
Հայրենի թատերախումբը Կիպրոս հրաւիրուած էր ռուսական թատրոնի փառատօնի մը կյազմակերպիչներուն կողմէ, ռուսերէն ներկայացումով մը ելոյթ ունենալու Նիկոսիոյ «Սատիրիկոն» թատերասրահին մէջ։
Ընդունելութեան բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան, յաջողութիւն մաղթելով սիրելի «Սօս Սարգսեան» թատերախումբին եւ յոյս յայտնելով, որ օր մը իրականութիւն կը դառնայ նաեւ հայկական բեմադրութեամբ մը ոգեւորելու կիպրահայութիւնը։
Ապա ցուցադրուեցաւ Համազգայինի թատերախումբին գործունէութիւնը ներկայացնող տեսանիւթ մը, որմէ ետք շրջանս հիւրաբար գտնուող համազգայնական Լեւոն Յակոբեան խօսեցաւ Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ այս թատերախումբի նշանակալի ներդրումին մասին յիշելով նաեւ, անոնց բազում ուղեւորութիւնները դէպի սփիւռքի զանազան գաղութներ։
Թատերախումբի տնօրէն Արման Նաւասարդեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ մթնոլորտին համար ու զեկուցեց խումբի ծրագիրներուն մասին, ներառեալ՝ նոր սեփական շէնքին, որ իր դռները պիտի բանայ տարեվերջին։ Ան ըսաւ, որ տակաւին կարիքը կայ լուսա-ձայնային սարքաւորումներու տեղադրումին, որուն համար կը յուսան ունենալ համազգային ներդրում, Համազգայինի թատրոնին համար։
Վարչութեան կողմէ եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Յարութ Թահմազեան, որ ներկայացուց Կիպրոսի մէջ թատերական մեր սիրողական ճիգերն ու իրագործումները ընդգծելով, որ սիրողական դերակատար՝ թէ արհեստավարժ դերասան, բեմին վրայ նոյն նպատակին կը ծառայեն։
Երեկոն վերջ գտաւ ներկաներու խանդավառ արտայայտութիւններով, բարեմաղթութիւններով ու խմբային նկյարահանումներով։