
Համազգայինի հրատարակչական եւ գրատարածման ծրագիրները ծաւալելու մեկնակէտով՝ վերակառուցման եւ բարեզարդման ենթարկուեցաւ Համազգայինի գրախանութը, որուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, պետական գործիչներու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ գրասէրներու։
Համազգայինի գրախանութի պաշտօնական բացման աւանդական արարողութենէն՝ ժապաւէնի հատումէն ետք, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի հրատարակչատան եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի հրատարակչական աշխատանքը սկիզբ կ՚առնէ 1931-ին, երբ Ճեմարանին մէջ կը բացուի Համազգայինի տպարանը եւ իբրեւ առաջին գործ լոյս կ’ընծայէ Ճեմարանի ծրագիր-կանոնագիրը։ Ան աւելցուց, որ այդ օրերուն տպարանը մամուլ չունէր եւ պարզապէս գրաշարութիւն ու սրբագրութիւն տեղի կ՚ունենար Ճեմարանին մէջ, որուն ծանրաբեռնուած պիւտճէն կը դժուարացնէր հրատարակչական գործի ընթացքը։
Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան կ՚առաջարկէ լուծում մը գտնել եւ հաշուակցելով Ճեմարանին հետ, իր սեփականութիւնը կը դարձնէ տպարանը, որ կը կոչուի «Յոյս» եւ կը ծաւալէ դասագիրքերու ու այլ գործերու հրատարակչական աշխատանք։ Շարունակելով ներկայացնել տպարանին պատմութիւնը՝ Հաւաթեան յայտնեց, որ 1947-ին, Նիկոլ Աղբալեանի մահով եւ անոր կտակով տպարանը դարձեալ կը դառնայ Համազգայինի սեփականութիւն եւ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով կ՚անուանուի Համազգայինի տպարան, եւ այդ թուականէն սկսեալ կը ձեռնարկուի նաեւ ընթերցանութեան գիրքերու, ինչպէս նաեւ կուսակցական, գաղափարական, յուշագրական եւ այլ գործերու հրատարակութեան աշխատանքին։
Համազգայինի հրատարակչատան եւ գրատարածի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեան ամոլին, որ բարեզարդուած գրախանութի մը ստեղծման երազի իրականացման թարգմանը հանդիսացան եւ այս նախաձեռնութիւնը նուիրեցին իրենց նորոգ հանգուցեալ մօր՝ Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեանի յիշատակին։ Ան հաստատեց, որ Յովիկ Քիւրքճեան հայ մշակոյթի եւ գրականութեան երկրպագու մըն է եւ իր հովանաւորութեամբ Հայաստանի մէջ թէ այլուր իրագործուած են ու կը շարունակեն իրագործուիլ մշակութային եւ հրատարակչական ծրագիրներ։
Յակոբ Հաւաթեան խոստացաւ այս գրախանութը մնայուն կերպով օժտել նոր գրականութեամբ, որովհետեւ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ հայ ժողովուրդին ունեցած հաւատքը մեծ է, գուրգուրանքը անսահման եւ քաջալերանքը՝ համակող։ Ան աւելցուց, որ նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման հոլովոյթին մէջ դպրոցի կողքին գիրքերու հրատարակութիւնը անխաթար կը պահէ մեր լեզուն եւ կը հարստացնէ մեր հոգեմտաւոր արժէքներու գանձարանը։
Ապա իր խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան, որ յայտնեց, որ պէտք է ունենալ Համազգայինի գրատարածին պէս ցանց մը, ցրուումի արդիական ուժեղ համաշխարհային դրութիւն, թուայնացած գիրքեր, հայ գրագէտին ու մտաւորականին, համալսարանականներուն, ուսուցիչներուն եւ վարժարաններուն թիկունք կանգնող հիմնադրամներ։ Ան ըսաւ, որ կազմակերպութենէն կտրուած երիտասարդութիւնը պէտք է հաւաքել եւ զանոնք վերադարձնել սփիւռքահայութեան գոյութեան երթին։
Փափազեան նշեց, որ այս բոլորը կþիրականանայ սփիւռքահայութեան ամբողջական գործակցութեամբ՝ բոլոր տեսակի կարողականութիւններուն մէկտեղումով։ Այս ծիրին մէջ Վաչէ Փափազեան աւելցուց, որ Համազգայինի գրախանութին վերանորոգումը հոյակապ օրինակ մըն է, ուր նիւթական եւ կազմակերպական կարողութիւնները միացած են եւ ազնիւ նուիրատուութիւնն ու Համազգայինի նախաձեռնութիւնը կարելի դարձուցած են այս ծրագիրը։ Ան ըսաւ, որ գիրքը այսօր մրցակցութեան մէջ է ու արդիական, լուսաւոր, որակաւոր եւ ընթերցումի դիւրութիւններ ստեղծող գրախանութը քաջալերական կþըլլայ։ Փափազեան յոյս յայտնեց, որ Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեան ամոլին օրինակը վարակիչ ըլլայ։
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի գրախանութը ապահով կռուան մըն է՝ ապաւէն հայկական ազգային կեանքին։ Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ Համազգայինը ինքնանպատակ չէ եւ կը վայելէ հովանաւորութիւնը 120-ամեայ կուսակցութեան, որուն համար մտաւորականութիւնն ու հայ միտքի զարգացումը մեծ արժէք կը ներկայացնեն: Իր խօսքի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան յայտնեց, որ բարերարներուն գործը մեծ էր եւ արժանի գնահատանքի։
Առաջնորդ սրբազանի խօսքէն ետք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան յուշանուէրով մը պատուեց Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեան ամոլը: