
Կիրակի, 16 Օգոստոս 2009-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Պրումմանայի Մար Թաքլա Մասքա հրապարակին կից տեղի ունեցաւ «Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան օր» հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչին, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, արուեստասէրներու եւ շրջանի բնակիչներուն: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին բանաստեղծ Ուատիհ Սաֆի, լիբանանցի բանաստեղծներ ու արուեստասէրներ, ժողովրդային պարախումբեր եւ Լիբանանի բանակին նուագախումբը: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն: Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի ազգային ժառանգութեան եւ ֆոլքլորի պահպանման համախմբումի նախագահ Անթուան Ապու Ժաուտէ, որ նշեց, թէ 2009 տարուան լաւագոյն պարախումբի ոսկեայ յուշանուէրը պիտի ստանայ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, որ էապէս պարարուեստի ժառանգութեան պահպանման մէջ ունեցած է եւ ունի իր մեծ ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը:
Ան ըսաւ, թէ «Քնար» պարախումբի՝ Շարլ Ազնաւուրի եւ Չառլի Չափլինի նուիրուած պարային ելոյթները բարձրորակ կատարումներ էին, որոնք արժանի էին բարձր գնահատանքի: Ապու Ժաուտէ յայտնեց նաեւ, որ պարախումբի պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեան իր մասնագիտական ցուցմունքներով ու փորձառութեամբ խումբին ապահոված է ոչ արհեստավարժ պարողներով արհեստավարժ մակարդակ:
Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ «Քնար» պարախումբի ոսկեայ յուշանուէրը ստանձնեց «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որմէ ետք Ֆելիքս Յարութիւնեան ստացաւ տարուան լաւագոյն պարուսոյցի ոսկեայ յուշանուէրը: Իսկ «Քնար» պարախումբէն Սելին Ղարիպեան եւ Գօգօ Քելեշեան ստացան տարուան լաւագոյն պարողներու յուշանուէրները: