
Կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան, «Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակին նուիրուած, Կիրակի, 18 Մայիսին, տեղւոյն «Ասպարէզ» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօն-շնորհանդէս՝ նուիրուած Գէորգ Պետիկեանի երրորդ հատորին՝ «Գրադարանս» երկին, միութենականներու եւ շրջանի մշակութասէրներու ներկայութեան:
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիրուհի Գիւբէլեան, որ իր բացման խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեց «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Գարինեան, որպէսզի փոխանցէ վարչութեան խօսքը:
«Համազ•ային»ը իր աշխարհացրիւ մասնաճիւղերով կÿաշխատի հայ անհատին մտքին ու հոգիին մէջ վառ պահել հայ լեզուի ու մշակոյթի սէրը: Ասկէ մեկնած, այսօր, «Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկով, հաւաքուած ենք միասնաբար ներկայ գտնուելու մեզի շատ սիրելի համազայնական ընկերոջ՝ Գէորգ Պետիկեանի հոգիի եւ մտքի ստեղծագործութեան ծնունդին՝ «Գրադարանս» հատորի գինեձօնին», ըսաւ ատենապետը,:
Ապա ատենապետը շնորհաւորեց հեղինակը եւ անոր իր ստեղծագործական աշխատանքները շարունակելու մաղթանքներ կատարեց:
«Կռունկ» մեներգով ելոյթ ունեցաւ Շողիկ Բաբայեան, որմէ ետք Արա Գէնտիրճեան արտասանեց Վահագն Դաւթեանի «Ներբող մայրենի լեզուին» քերթուածը:
Հեղինակն ու անոր գործը ներկայացուց հայերէն լեզուի եւ պատմութեան վաստակաշատ ուսուցիչ Սարգիս Փանոսեան, որ իր խօսքի սկիզբին նախ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակ Պետիկեանի կեանքը:
«Ինծի համար ուրախութիւն, հպարտանք եւ մեծ պատիւ է ծանօթացնել ձեզի աշակերտս, պաշտօնակիցս, մեր տան մօտիկ բարեկամն ու հայ գրագէտ Գէորգ Պետիկեանն ու անոր «Գրադարանս» հատորը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով գրագէտին ցարդ կատարած հրատարակութիւններուն, Փանոսեան աւելցուց ըսելով. «Ի տես այս հատորներուն, թոյլ տուէք իմ երբեմնի աշակերտիս տալու «հերոս»ի մակդիրը, որովհետեւ ներկայիս հայ գրագէտի մը համար իրապէս հերոսութիւն է գիրք հրատարակելը եւ զայն սպառելը»:
Ապա ան ծանրացաւ «Գրադարանս» հատորէն քանի մը պատմուածքներու վրայ, յաջորդաբար ներկայացնելով «Գրադարանս», «Վաղը մեր Զատիկն է», «Պեռնար մը կը փնտռեմ» եւ «Հոգեհան•իստ»ը պատմուածքներուն վրայ: Փանոսեան անոնց մէջէն վեր առաւ գրագէտ Պետիկեանի լեզուի դիւրասահութիւնն ու ճկունութիւնը եւ անոր պատմելու կամ դէպքերը ներկայացնելու եղանակն ու ոճը:
Փանոսեան շեշտաւորեց նաեւ հեղինակի մօտ դրսեւորող ազգային ոգին, ընդելուզուած անցեալի քաղցր եւ անուշ յիշատակներով, միաժամանակ անոր էութիւնը կրծող մտատանջութիւնները, այս ընդարձակ երկրի տարածքին, ուր տարբեր է կացութիւնը եւ յուսահատութիւն կը բացականչէ:
Իր խօսքի աւատին, ուսուցիչ Փանոսեան հայ գրականութեան անդաստանի մէկ մշակ իր աշակերտին յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց:
Իր կարգին հանրածանօթ եւ վաստակաշատ բեմադրիչ դերասան Սեդրակ Պրոնզեան, ինչպէս հեղինակի բոլոր գինեձօններուն, այս անգամ եւս բեմանակացած ձեւով կարդաց «Մաֆըն»ը պատմուածքը, որ ներկաներուն մեծ ծափողջոյններուն արժանացաւ:
Ի տես այս խանդավառութեան Պրոնզեան ընթերցեց նաեւ հեղինակին 1997 հրատարակած «Մայթերու անցորդը» հատորէն «Հարսանիքը» երգիծագիր պատմուածքը, որ նոյնպէս արժանացաւ մեծ գնահատանքի:
Աւարտին՝ Գէորգ Պետիկեան սրտի իր խօսքերով ելոյթ ունեցաւ: Նախ մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յատնեց կազմակերպիչ մասնաճիւղին, գեղարուսետական բաժնի մասնակիցներուն եւ զինք ու իր հեղինակած հատորը ներկացնող իր ուսուցիչին: Ապա ան խօսեցաւ հայ լեզուի մասին եւ շեշտեց, թէ հայ գիրը սփռելը «Համազգային»ի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն է, իսկ հայ գրագէտները քաջալերելը նոյնքան կարեւոր է:
Անդրադառնալով հայ գիրքի ներկայի ապրած տագնապին մասին, հեղինակը աւելցուց, թէ աշխարհի ամբողջ տարածքին գիրքը կÿապրի լուրջ եւ վտան•աւոր շրջան մը, որովհետեւ ան կորսնցուցած է իր նախկին հետաքրքրութիւնն ու ժողովրդականութիւնը: «Այսօր ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիք մը կու •այ Սփիւռքի կեանքը ջերմացնելու: Որովհետեւ ես ալ շատերուն նման կը հաւատամ, որ գիրքը, հեղինակի մը միտքին լեզուն է: Գիրքը միայն գիր չէ, նաեւ՝ շունչ ալ է: Հայ գիրքը ժամանակին հայ մարդուն ընկերն էր, զարդ մը չէր: Դժբախտաբար այսօր հայ գիրքին հանդէպ տածուած սէրն ու պաշտամունքը պակսած է: Դժուարին ու ծանր պայմաններու մէջ գրականութիւն կը փորձուի», ըսաւ ան:
Իր խօսքի աւարտին Պետիկեան շեշտեց նաեւ, թէ հակառակ անոր, որ ներկայիս գիրք եւ մամուլ փնտռողները նուազած են եւ դարձած սակաւաթիւ, սակայն բարեբախտաբար տակաւին կան ու կÿապրին գիրքին ուժն ու արժէքը գիտցողներ, անոր ներգործութեան հաւատացողներ: «Ահա թէ ինչու հայ գիրքը», անբողջացուց ան:
Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ ետք հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Թղթակցութիւնը՝ «Համազ•ային»ի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղէն