
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 23-րդ Ներկայացուցչական (Պատգամաւորական) Ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 18 Նոյեմբեր 2018-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս, միօրեայ տեւողութեամբ:
Ժողովը կ՚ընդգրկէր Նոյեմբեր 2016-Նոյեմբեր 2018 երկամեայ նստաշրջանը:
Ժողովին մասնակցութիւն բերին «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւնը լրիւ կազմով, միութեան մասնաճիւղներու ներկայացուցիչներ, պարի միաւորի ներկայացուցիչ պարուսոյց Էտկար Էկեան եւ պարախումբի օգնականներ, «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի բեմադրիչ Ալեքսի Սարիեան եւ թատերախումբի յանձնախումբի վարչութիւնը, «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեան եւ երգչախումբի յանձնախումբի վարչութիւնը, երաժշտանոցի պատասխանատու Գոհար Չիմանեան, խորհրդակցական ձայնով ընկեր-ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ, հաշուեքննիչ յանձնախումբը եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, թիւով 55 հոգի:
Այս բոլորէն անկախ, Շրջանային Վարչութիւնը մամուլով ու դիմատետրով առիթ տուած էր համազգայնականներու, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ ու հետեւիլ ժողովի աշխատանքներուն, ներկայ գտնուելու ամբողջօրեայ նիստի աշխատանքներուն: Նման հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էին մօտաւորապէս 10 ընկեր-ընկերուհիներ: