
Ուաշինկթըն Տի. Սի.— Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին տարբեր կողմերէն եկած ամերիկահայեր միացան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոեանին, տօնակատարելու համար Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 80ամեակը:
Պաշտօնական ընդունելութիւնը եւ յայտագիրը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Դեսպանատան կողմէ եւ որուն կը նախագահէր նաեւ Դեսպան Մարգարեանը, կ°ընդգրկէր շքանշաններու տուչութեան եւ պարգեւատրումի յուզիչ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Էտուարտ Մըսըրլեանը գնահատեց տասնամեակներ շարունակ հայ մշակոյթին անսակարկ նուիրեալներ դաշնակահարուհի Լիւսի Իշխանեանը, թատերագիր Հրանդ Մարգարեանը, մայսթրօ Արսէն Սայեանը եւ համայնքի բարերար Տոքթ. Հրանդ Սեմերճեանը:
Իր խօսքին ընթացքին Մըսըրլեան դրուատեց Համազգայինի միջազգային կրթական ճիգերը, նշելով, որ հայկական դպրոցները աշխարհի տարբեր կողմերը հայկական համայնքներու հիմքերն են եւ նշեց, որ կարիքը կայ Ճեմարան մը հիմնադրելու նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Պարգեւատրումի եւ գնահատման արարողութեան կողքին, 80-ամեակի տօնակատարութիւնը կ°ընդգրկէր նաեւ խօսքեր դեսպան Մարգարեանի, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գալստեանի եւ Արքեպիսկոպոս Չոլոյեանի կողմէ: Վիվիան Չաքարեան նուագեց երաժշտութեան հատուած մը: Օրուան հանդիսավարն էր Համազգայինի Ուաշինկթընի վարչութեան անդամ Իրեն Աբրահամեանը:
Պատգամաւոր Լիլիթ Աբրահամեան, որ նաեւ նախագահն է Հայաստանի մէջ Համազգային Հիմնադրամին, դրուատեց մեծարեալ կազմակերպութեան իրագործումները թէ° Սփիւռքի մէջ եւ թէ անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ: Ան վեր առաւ կազմակերպութեան դերը՝ կամրջելու աշխարհի տարածքին հայկական մշակութային եւ կրթական աշխատանքները:
Այս երեկոյթը կը պատկանէր շարքին այն ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած են Համազգայինի 80ամեակին առիթով եւ որոնք հովանաւորուած են նաեւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդարանին կողմէ: Այս ձեռնարկները կը կազմակերպուին հայկական մշակոյթի ամսուան՝ Հոկտեմբերի ընթացքին:
Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի այս ձեռնարկին եւ Համազգայինի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջապտոյտին մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին յառաջիկային: