
Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին, Լոնտոնի մասնաճիւղը մեծ շուքով տօնեց «Համազգային»ի 80- ամեակը, Նաւասարդեան սրահին մէջ:
Ներկայ էին գաղութիս հոգեւոր առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նաթան Եպս. Յովհաննիսեանը, Շնորհք Քահանայ Պաղտասարեանը, Բրիտանահայ Համայնքային եւ Եկեղեցական Խորհուրդի ատենապետ Արա Փալամուտեանը Խորհուրդի անդամներով, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի քոյր միութիւններու վարչական կազմերը, այլ խումբերու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կոկիկ հասարակութիւն մը:
Միութեան ատենապետ Հ. Վարդանեանը բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց պաստառի վրայ դիտելու Կ. Վարչութեան կողմէ պատրաստուած Համազգայինի 80-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզը, որ ընդունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով: Ապա ներկաները դիտեցին 1990-էն ի վեր Լոնտոնի մասնաճիւղի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը՝ Հայաստանի Արամուս գիւղի դպրոցի վերանորոգութիւններուն առնչուող, FORUM-ի տարեկան այցելութիւնները դպրոցին եւ այլ տեղական գործունէութիւններ, մասնաւորաբար գաղութիս երիտասարդներու կատարած թատերական-բեմադրական ելոյթները: Տպաւորիչ եւ ոգեւորիչ էին ցուցադրուած պատկերները: Վարդանեան կոչ ըրաւ ներկաներուն օգնութեան ձեռք երկարել Արամուս գիւղի դպրոցի բարենորոգման աշխատանքները շարունակելու համար:
Տեսաերիզներու ցուցադրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը՝ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցելու ներկաներուն: Ան բարձր գնահատեց սփիւռքի մէջ տարած հայանպաստ բազմակողմանի գործունէութիւնը Համազգայինի, որ հակառակ իր յառաջացած 80 ամեակներուն, այսօր կը մնայ երիտասարդ եւ կը շարունակէ կամաւոր աշխատանքի լծել սերունդներ, որոնք իրենց կարգին, նիւթապէս եւ գիտութեամբ, մղուած են շարունակելու Համազգայինի հիմնադիրներուն առաքելութիւնը: Սրբազան Հայրը մաղթեց որ գայ այն օրը, երբ հայրենիքը այլեւս կարիքը չունենայ տնտեսական արտաքին օգնութեան, այլ իր ազատ ու անկախ պետութեամբ կարենայ իր կարգին ձեռք երկարել սփիւռքի հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրներուն:
Ներկաները հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ ճաշակով պատրաստուած սեղանի մը շուրջ, որմէ ետք սրահ բերուեցաւ 80-ամեակի կարկանդակը՝ տարեդարձի պատշաճ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, եւ հրաւիրուեցաւ Միութեան պատուոյ անդամ Սելլա Թնճուկեանը, Սրբազան Հօր հետ միասին կտրելու կարկանդակը:
Օրուան մթնոլորտէն խանդավառ՝ ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ Համազգայինին: