
Լիբանանի մէջ մօտիկ անցեալին տիրած անապահով պայմաններուն եւ քաղաքական լարուած կացութեան դէմ յանդիման, երբ կարելի կþըլլայ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին ու առկայ պայմաններուն մէջ բեմ բարձրացնել շուրջ 200 երգող, պարող ու նուագող, ապա հարկ է շեշտել, թէ Համազգայինը իր 80-ամեայ գործունէութեան մէջ կառչած կը մնայ իր երթը շարունակելու վճռակամութեան:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ալեն Պալեանի, շաբաթ, 31 մայիս 2008-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի նորաստեղծ «Այգ» երգչախումբի եւ «Գայիանէ» պարի դպրոցի միացեալ նախաձեռնութիւնը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ մշակութասէր հայորդիներու:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեցին աշակերտներ Պօղոս Մալեան եւ Սեւան Չէօրեքճեան, որոնք նշեցին, թէ «Այգ»ին կþընկերակցի լիբանանահայ երաժիշտներէ կազմուած հայկական ժողովրդական տոհմիկ նուագախումբ մը, որ կու գայ հայեցի շունչով գունաւորելու յայտագիրը:
Սեւան Չէօրեքճեան ըսաւ, թէ «Այգ»ը «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի ստեղծումէն 11 տարի ետք կու գայ ստեղծելու նոր միջավայր մը՝ ապահովելու համար «կարկաչ»ականներու շարունակութիւնը:
Պօղոս Մալեան շեշտեց, որ Համազգայինի 80-ամեակը լաւ առիթ մըն է ներկայացնելու նորաստեղծ երգչախումբի մը եւ «Գայիանէ» պարի դպրոցի հաւաքական համերգը:
Բացման խօսքէն ետք գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինին սկսաւ «Այգ» երգչախումբը, որուն խմբավարն ու ղեկավարն է Զաքար Քեշիշեան: Երգչախումբին ընկերակցող նուագախումբին մաս կը կազմեն Կամիլա Քեշիշեան (դաշնակ), Զաքար Քեշիշեան (շուի, թաւշուի, տուտուկ), Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ), Վիգէն Քեշիշեան (տուտուկ, շուի), Մարիա Պարտիզպանեան (քանոն), Սեպուհ Այնթէպլեան (ձեռնադաշնակ) եւ Արթիւր Քեշիշեան (տհոլ): Երգահանդէսին նաեւ երեք երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ երգիչ, մենակատար Գէորգ Պեպեճեան:
«Այգ»ը իր երգերուն ընտրութեամբ ու հայկական ժողովրդական գործիքներու մասնակցութեամբ հանրութեան մատուցեց հետաքրքրական, գեղեցիկ եւ բարձրորակ կատարում:
«Այգ»ի յայտագիրին մաս կը կազմէին «Նազան եար», «Երգիր ինձ համար», «Սէրս գաղտնի թող մնայ», «Եասամանի ծառին տակ», «Առաւօտը անտառին մէջ», «Եաման եար», «Սարերի հովին մեռնեմ», «Սրտիկ մամուլ մի մնայ», «Հոյ նար» եւ «Կենաց երգ» ստեղծագործութիւնները:
Միացեալ հանդիսութեան երկրորդ բաժինը սկսաւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն ընթացքին հանդիսատեսները ծանօթացան Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցի պատմութեան ու դասընթացքներու եւ փորձերու բնոյթին:
Պարի դպրոցի ելոյթը սկսաւ «Սարդարապատ»ով, ապա աշակերտները ներկայացուցին «Գարնանային պար», «Երեքնուկ», «Առաջին քայլեր», «Անուրջներ» եւ «Քոչարի» պարերը. տարբեր դասարաններու աշակերտները խմբային պարերով ու մենակատարումներով ստեղծեցին հայկական պարային համաչափ ու իւրայատուկ մթնոլորտ: Պարերու ներկայացման աւարտին պարի դպրոցին մասնակից շուրջ 170 աշակերտներ միասնաբար «Ազգագրական» պարին ներկայացումով բեմէն ու սրահէն գեղեցիկ համադրումով փակեցին պարի ելոյթը: Պարի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատուն ու պարուսոյցն է Անդրանիկ Գրիգորեան:
Նշենք, որ պարերու միջեւ ընդմիջումներու ընթացքին պարի դպրոցէն աշակերտներ պարի նիւթին հետ առնչուած բանաստեղծութիւններու հատուածներու արտասանութեամբ յայտագիրին տուին յատուկ գունաւորում:
Համազգայինի «Այգ» երգչախումբի եւ «Գայիանէ» պարի դպրոցի միացեալ համերգէն ետք բեմ բարձրացաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ նշեալ հանդիսութիւնը լիբանանահայութեան գոյութեան երաշխիք հանդիսացող ցուցանիշ մըն է:
Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, թէ այս գնահատելի նախաձեռնութիւնը հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման ծառայող մեծ քայլ մըն է՝ աւելցնելով, որ «Գայիանէ»ն եւ «Այգ»ը հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ օժտուած սերունդի մը կազմաւորման գրաւականը կը փոխանցեն:
Վերջապէս, Գեղամ եպս. Խաչերեան նշեց, որ մշակութային հարստութեան պահպանման հոլովոյթին մէջ մեծ է դերակատարութիւնը Համազգայինի, որ իր առաքելութեան նկատմամբ ունի մեծ գիտակցութիւն: