ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2014 թուականը պիտի մնայ ամոռանալի Տիթրոյթի հայութեան ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս. տեղւոյն «Արաքս» պարախումբի հիմնադրութեան տասնամեակին առթիւ Seaholm High Scool-ի թատերասրահին մէջ կատարուած ձեռնարկին հանդիսավարն էր Համազգայի երկարամեայ վարչութեան նուիրեալ ու անխոնջ գործունեայ վաստակաւոր ատենապետուհի Հերմինէ Մանուկեան: Ներկայ էին իրենց կողակիցներով՝ Սուրբ Սարգիս Հայաստանեաց Առաքելական, եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր՝ Արժպ. Տէր. Հրանդ Գէորգեան, Արժպ. Տէր Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան, Պատուակալ հոգեւոր հովիւ Վերպ. Տոքթ. Վահան Թութիկեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 650 հաշուող հասարակութիւն մը: