Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Շաբաթ, 18 եւ Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին Համազգայինի գրախանութին կազմակերպած Թալինի ելոյթները ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն: «Էմիլ Լահուտ» սրահը երկու օրերու ընթացքին լեցուեցաւ մանուկներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ մը: Թալին իր հին ու նոր երգացանկերով մեծապէս խանդավառեց ներկաները` ստեղծելով համակող պահեր: Այս ելոյթներուն մասնակից դարձան նաեւ Համազգային «Գայեանէ» պարի դպրոցի փոքրիկները եւ պատանիները, ինչպէս նաեւ` Թալինի ընկերակցող տիպարները` նապիկը` Սարին Առաքել, ծաղրածուն` Ժագլին Պաղտիկեան եւ փիսոն` Սէրլի Կարապետեան:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: