
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Թարգմանչաց Վարժարանի Ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցեն, որ Փարիզի արուարձան Իսի-լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց Վարժարանը, վերանուանուելով Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարան՝ կը միանայ Համազգայինի կրթական հաստատութիւններու ծրագրին։
Իսի-լէ-Մուլինօ հաստատուող առաջին հայերը եղած են 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրողներ։ Աւելի ուշ, 1970-2000ական թուականներուն, անոնց միացած են Լիբանանէն, Պարսկաստանէն եւ Հայաստանէն ներգաղթողներ, համայնքին թիւը հասցնելով 5,000-ի։ Խմբուելով 1975-ին հաստատուած Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ շուրջ, այս համայնքն է, որ 1996-ին հիմը կը դնէր Թարգմանչաց Վարժարանին, արդիւնք Պարոն Զատիկ Ասլանեանի անխոնջ ճիգերուն եւ տեղւոյն քաղաքապետարանի աջակցութեան։ Թարգմանչաց Վարժարանը ֆրանսական պետութեան հետ իր համաձայնագիրը կը կնքէ 2005-ին։
3,000 մեթր քառակուսի տարածութեան վրայ կառուցուած Թարգմանչաց Վարժարանի եռայարկ շէնքը ունի 15 դասարաններ, հանդիսասրահ եւ ներքին ու արտաքին բակեր։ Վարժարանը կը լրացնէ պետութեան կողմէ սահմանուած ապահովական բոլոր կանոնները եւ կրնայ ընդունիլ 400 աշակերտներ։ Ներկայիս, վարժարանը ունի շուրջ 80 աշակերտներ, որոնք կը յաճախեն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի կարգերը։ Կը ծրագրուի մօտիկ ապագային մեկնարկել վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիները։
Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանի ուսումնական յայտագիրը կը կազմեն պետութեան կողմէ ճշդուած ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ծրագիրները, որոնք կ՚ամբողջանան հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդութեամբ։ Նախակրթարանէն շրջանաւարտներու յաջողութեան տոկոսը 100 առ հարիւր է, իսկ անոնց նիշերու միջինը՝ 80 առ հարիւր։ Այսպիսով, Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանը առիթ կ՚ընծայէ Իսի-լէ-Մուլինոյի եւ շրջակայ թաղամասերու հայ համայնքի մանուկներուն, որ անոնց կրթութիւնը հարստանայ ֆրանսական եւ հայկական երկճիւղ մշակոյթներով, որոնք կը կազմաւորեն ապագայ քաղաքացին։
Համազգայինի գոյութիւն ունեցող կրթական հաստատութիւններու ծրագրին կը միանայ Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանը, որ զօրացած հայ համայնքի սրտին մէջ իր քսան տարիներու գոյութեամբ, պիտի վայելէ Համազգայինի տասնամեակներու կրթական եւ մշակութային գործունէութեան արգասիքը, ըլլայ այդ ուսուցիչներ պատրաստելու, երկարաշունչ կրթական ծրագիրներ մշակելու եւ Պէյրութի, Մարսիլիոյ ու Սիտնիի Ճեմարաններու փորձառութեան ճամբով, ըլլայ՝ Համազգայինի համասփիւռքեան եւ հայրենական կազմակերպական ցանցով կամ մշակութային միջազգային յայտագիրներ հովանաւորելով։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թարգմանչաց Վարժարանի միջեւ Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ին կնքուած գործակցութեան պայմանագիրը զայն ստորագրող կողմերուն կու տայ Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանի բարգաւաճման եւ յարատեւութեան ապահովութեան երաշխիքը։
Համազգայինի
Կեդրոնական Վարչութիւն
11 Դեկտեմբեր 2015
Պէյրութ