
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կարիքը ունի գործադիր տնօրէնի մը ամերիկեան ցամաքամասի իր վարչական գրասենեակին համար: Գրասենեակը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ:
Պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ.
-Հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող պարտականութիւններ.- նուիրատուներու մասին տեղեկութեան շտեմարանի պատրաստութիւն, տեղեկատուական գրականութեան ցրուում՝ հաւանական նուիրատուներու, հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող հաղորդակցութիւններու, հանդիպումներու եւ ժողովներու կազմակերպում, հիմնադրամներու գոյացման ծառայող կայքէջի մը ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
-Նիւթական աջակցութեան ապահովում պետական հաստատութիւններէ, հիմնարկներէ եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններէ:
|
-Համազգայինի մշակութային գործունէութեան ծաւալում ամերիկեան ցամաքամասին մէջ.
- բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներու եւ մշակութային-գեղարուեստական տարածաշրջանային շրջագայութիւններու կազմակերպում, կազմակերպական նպաստ՝ մշակութային-գեղարուեստական փոխանակումներու ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Սփիւռքի այլ հայ համայնքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ:
-Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի տեղեկատուի հրատարակում եւ ցրուում: -Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի կայքէջի ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
-Ամերիկեան ցամաքամասի վարչական գրասենեակի կառավարում, որ կը ներառէ կազմակերպչական աշխատանքներ, անհրաժեշտ տեղեկութեանց մէկտեղում, արխիւային դասաւորումներ եւ հաշուակալութիւն: Թեկնածուի անհրաժեշտ յատկանիշեր.
-Պսակաւոր Արուեստից (BA) վկայական, նախընտրաբար Հիմնադրամներու Գոյացման Կառավարման (Fundraising Management), Ոչ-հասութաբեր Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարման (Nonprofit Management), Մարդասիրական Ուսմունքի (Philanthropic Studies) կամ համարժէք համալսարանական ճիւղերու մէջ:
-Փափաքելի է փորձառութիւնը հիմնադրամներու գոյացման կառավարման, ոչ-հասութաբեր ձեռնարկութիւններու կառավարման կամ մարդասիրական ձեռնարկութիւններու աշխատանքներու մէջ:
-Փայլուն կազմակերպչական հմտութիւն եւ բազմատեսակ աշխատանքային պահանջներու միջավայրի ու աշխատանքային պահանջկոտ պայմաններու մէջ գործելու ունակութիւն:
-Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու (գրաւոր եւ խօսակցական) տիրապետում:
- Յարաբերական եւ հաղորդակցական ունակութիւն: Ծրագիրներ յաջող կերպով ներկայացնելու կարողութիւն:
-MS Word, Excel, Power Point, Outlook եւ տեղեկութեանց շտեմարանններու ղեկավարման համակարգչային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ համացանցի եւ համացանցային ընկերային հաղորդամիջոցներու գործածութեան տիրապետում:
Աշխատավարձ. Աշխատավարձը՝ մասնագիտութեան եւ փորձառութեան համեմատ: Դիմումնագիրները ե-նամակով ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին, նիւթի տուփիկին (subject line) մէջ նշելով «Գործադիր տնօրէնի պաշտօն»: Դիմումնագիրներու ընդունման վերջին թուական՝ 30 Նոյեմբեր, 2013: Այս թուականէն ետք դիմումնագիրներ պիտի չընդունուին: Պատասխան պիտի ստանան միայն տեսակցութեան համար անհրաժեշտ պայմանները լրացնող թեկնածուները: