
Դեկտեմբեր 6-7 շաբաթավերջին, Թորոնթոյի մէջ նշուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակը, երկու յաջորդական ձեռնարկներով: Շաբաթ գիշեր, գինիի եւ աղանդերներու սեղաններու շուրջ, հաղորդակից դարձանք, Համազգայինի 80-ամեայ գործունէութեան, հետապնդած նպատակներուն եւ իրագործումներուն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, միեւնոյն ժամանակ տեսնելով եւ լսելով թորոնթահայ արուեստագէտներու երգը, պարը եւ ասմունքը: Կիրակի օր, գլարինեդիստ Համբարձում Ճապուրեանի ելոյթն էր, Մոնթրէալի Russian Arc նուագախումբին հետ: Ներկաները հազուագիւտ մշակութային շաբաթավերջ մը վայելեցին անկասկած. ստորեւ հակիրճ կերպով պիտի անդրադառնամ այս զոյգ ձեռնարկներուն, բայց կþարժէ անդրադառնալ մանաւանդ այս ձեռնարկներու յաջողութեան գաղտնիքին եւ կազմակերպչական բծախնդիր աշխատանքին, որ տարուեցաւ Համազգայինի վեթերան «զինուորագրեալներուն» եւ նորագիրներուն ներդաշնակ եւ յարատեւ գործակցութեամբ:
Շաբաթ օրուան տօնակատարութիւնը սկսաւ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի գեղանկարներու հարուստ հաւաքածոյի ցուցադրութամբ, Հայ Կեդրոնի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս: Գինիի մտերմութեամբ եւ քնարահարի մը երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, կրկին անգամ անդրադարձանք, որ տարիներու ընթացքին «Արշիլ Կորքի» ցուցասրահի յաջորդական յանձնախումբերը ինչ մեծ աշխատանք տարած են, ոչ միայն մեր տուները հայկական արուեստի նմոյշներ ունենալու առիթը ընծայելով, այլ նաեւ այս արժէքաւոր հաւաքածոն ստեղծելով: Անկէ ետք անցանք Հայ Կեդրոնի մեծ սրահը, ուր առատ աղանդերներու եւ գինիի սեղաննեու շուրջ անցուցինք Համազգայնաշունչ երեկոյ մը: Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան այս առիթով պատրաստած տեսաերիզը, որ շատ լաւ պատկերացուց Համազգայինի 80-ամեայ գործունէութիւնը: Օրուան հանդիսավարն էր, մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Տօնապետեան, որ ոչ միայն համազգայնավայել ձեռնհասութեամբ վարեց հանդիսութիւնը, այլ նաեւ ասմունքեց Պարոյր Սեւակէն, Համօ Սահեանէն եւ Եղիշէ Չարենցէն բանաստեղծութիւններ: Գեղարուեստական մասին իրենց բաժինը բերին Անահիտ Կուտսուզեան (երգ), Վանիկ Յովհաննէսեան (դաշնամուր), Սոնա Գալթակեան (ջութակ), Թալին Գըլըպոզեան (դաշնամուր), Լարինէ Մովսէսեան (պար), Գրիգոր Ճանկէօզեան (երգ) եւ Թինա Այնթապլեան (դաշնամուր): Յատկապէս Մոնթրէալէն հրաւիրուած բանախօսն էր՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, որ նուիրեալ եւ բազմամեայ Համազգայնական մըն է իրօք: Ան իր կուռ խօսքին մէջ շեշտեց այն պարագան, որ թէեւ Համազգայինը մշակութային եւ կրթական առաքելութիւն ունեցող միութիւն մըն է, անոր հիմնումը կը հետապնդէր քաղաքական նպատակ մը,- Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած զանգուածներու ինքնութեան պահպանումը եւ անոնց գոյատեւման ազդակ հանդիսանալու հաստատակամութիւնը: Ան իր խօսքը աւարտեց երիտասարդութեան դիմելով եւ ըսաւ «Հերթը ձերն է», շարունակելու միութեան հիմնադիրներու տեսլականը:
80-ամեակի առթիւ եղաւ պարգեւաբաշխութիւն: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան մետալին արժանացաւ Մարգար Շարապխանեան: Յատուկ գնահատագիր մը ստացաւ Սիմոն Հասըրճեան, Համազգայինին բերած իր տեղական եւ համասփիւռքեան նպաստին համար: Մասնաւոր գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան՝ Էդիկ Յովսէփեան, Ռոստոմ Եղոյեան եւ Արշօ Պոյաճեան-Սոլաքեան, իրենց բազմամեայ անսակարկ գործունէութեան համար Համազգայինի ծիրէն ներս: Երեկոն շարունակուեցաւ հայկական պարով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ներկաները մեկնեցան մեծ գոհունակութեամբ:
Կիրակի օր, Համազգայինի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գլարինէդիստ Համբարձում Ճապուրեանի ելոյթը, Մոնթրէալի Russian Arc նուագախումբին հետ: Զուտ հայկական մեղեդիներու այս նուագահանդէսը, որ իր մէջ կþընդգրկէր Խորենացիի, Շնորհալիի, Մագիստրոսի, Նարեկացիի,Կոմիտասի, Եկմալեանի, Խաչատուրեանի, Սպենդիարեանի եւ այլ հայ երգահաններու գործերը, մեծաւ մասամբ դաշնաւորուած Ռ. Ալթունեանի կողմէ, շատ հաճելի երեկոյ մը պարգեւեց ունկնդիրներուն: 13 հոգինոց նուագախումբը, որ միայն մէկ հայ անդամ ունէր, ապրումով նուագեց այս մեղեդիները, ընկերակցելով Համբարձում Ճապուրեանին եւ զարմացնելով մեզ: Համբարձում Ճապուրեան, քլարինեդի եւ տուտուկի վրայ ձեռնհասօրէն մեկնաբանեց զանոնք, արժանանալով ներկաներու յոտնկայս ծափահարութեան: նուագահանդէսի աւարտին խօսք առաւ Հայր Մեղրիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Բարիքեան, դրուատելով նուագախումբը եւ Համարձում Ճապուրեանը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը: Այս նուագահանդէսը զուգադիպած ըլլալով Սպիտակի երկրաշարժի 20-ամեակին, վերածնունդի նուագահանդէս որակուեցաւ, մէկ րոպէ լռութեամբ յարգելով երկրաշարժի զոհերու յիշատակը:
Սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, մշակութային ձեռնարկներու յաջողութիւնը միշտ ալ գօտեպնդիչ է եւ ուրախալի: Կազմակերպիչները արիաբար համարձակած էին նոյն շաբաթավերջին երկու մշակութային ձեռնարկ կազմակերպել, 80-ամեակի տօնակատարութիւնները յաւելեալ շուքով անցընելու համար: Եւ ի զարմանս բոլորին, անոնք յաջողեցան իրենց նպատակին մէջ եւ անգամ մը եւս փաստեցին, որ աննկուն եւ կազմակերպուած աշխատանքը միշտ ալ կոչուած է յաջողութեամբ պսակուելու: Բայց կազմակերպիչներուն միակ մտահոգութիւնը այս ձեռնարկներու յաջողութիւնը չէր, այլ անոնք հեռատեսութեամբ, նման ձեռնարկներու յաջողութիւնը ապագային ալ ապահովելու հեռանկարով, մեծ թիւով երիտասարդ ուժեր ընդգրկած էին իրենց շարքերէն ներս: Երիտասարդները ջանք չէին խնայած իրենց նպաստը բերելու եւ թարմութիւն մը տալու այս հանդիսութիւններուն: Օրինակ, Համազգայինի կապոյտ գոյնը ներմուծուած էր վաճառուող խմիչքներու անուանումին մէջ:
Դրան առջեւ հրամցուող խմիչքները նաեւ կապոյտ գոյնը ունէին: Անոնք հայկական տարազներով դիմաւորեցին մեզ եւ ամբողջ երեկոյեան ընթացքին հսկեցին որ մանրամասնութիւնները չանտեսուին եւ երեկոները փայլուն անցնին: Անխառն հրճուանքով տեսանք, որ մեր երիտասարդ վարչութիւնը եւ յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու անդամները, քանի մը երէց եւ փորձառու համազգայնականներու օգնութեամբ, իրագործեցին լաւագոյնը, մեզի ներշնչելով այն վստահութիւնը, որ 90-մեակը, 100-ամեակը եւ աւելին, նոյն յաջողութեամբ պիտի տօնակատարուին: Անխառն հպարտութեամբ, այսօր, Գանատայի ծնունդներուն դերակատարութեանը վկայ կը դառնանք մեր կազմակերպութիւններու շարքերէն ներս, շնորհիւ մեր դպրոցներուն եւ երիտասարդական միութիւններու հայանպաստ աշխատանքին:
Այո, Դեկտեբերի այս ցուրտ եւ ձիւնոտ շաբաթավերջին, տօն էր Թորոնթոյի մէջ: Տօն էր, մէկէ աւելի պատճառներով:
Էլիզ Շարապխանեան
Դեկտեմբեր, 2008