
Զանազան երկիրներէ համազգայնականներու Լիբանան ժամանելուն առիթով, Երեքշաբթի, 9 Յունիս 2009-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ համազգայնականներու հաւաք՝ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարտիկ Տէմիրճեանի հիւրերուն ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք, խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ գնահատեց Համազգայինի աշխատանքը իբրեւ կառոյց, նշելով որ կազմակերպուած աշխատանքին կողքին կան նաեւ վերաթարմացման նշոյլներ: Ապա իւրաքանչիւր շրջանի կամ հաստատութեան ներկայացուցիչ համառօտ կերպով ներկայացուց իր շրջանի գործունէութիւնը:
|