
Շրջանային Վարչութիւնը իր Երգի, Պարի եւ Երաժշտանոցի միաւորներուն շարքին կազմեց Թատերական միաւորը եւ առաջին անգամ ըլլալով՝ Լուսանկարչական միաւորը։ Կ'անդրադառնանք երկուքին ալ։
Թատերական միաւոր
Թատրոնը բեմի եւ ժողովրդային փիլիոսփայութեան ամէնէն հարազատ դրսեւորումն է։ Թատրոնի ճամբով արտայայտուելու արուեստը հոգեկան ներքին պահանջէ մը աւելի՝ դաստիարակչական, այլեւ ստեղծագործական միջոց մըն է, ուր շարունակաբար կը հանդիպին եւ զիրար կը լրացնեն լեզուն, գրականութիւնը, վէպը, վիպապաշտութիւնը, կեանքը, քննադատութիւնը եւ մարդկային հաղորդակցութիւնը։
Համազգայինի Թատերական Միաւորի կորիզը կը բաղկանայ տասնեակ մը հին ընկեր¬ընկերուհիներէ, որոնք համախմբուած են Շրջանային Վարչութեան շուրջ, ամուր հիմը դնելու համար յունահայ կեանքի ապագայ թատերական ծրագրումներու գործունէութեան։
Համախմբային այս աշխատանքին համադրողի ու բեմադրիչի գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ Ալեքսի Սարիեանի եւ իր փորձառու գործակիցներուն վրայ։
Թատերախումբը պիտի ծրագրէ իր աշխատանքները, նկատի ունենալով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշանակալից պարագան՝ համադրելով իր ծրագրումները այս յոյժ կարեւոր թուականի ընդհանուր մթնոլորտին հետ։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: