Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ

Յունաստանի Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին ծրագրած է ելոյթներու շարք մը, որու գործունէութեան շուրջ կը փափաքինք տեղեակ պահել մեր մշակութային հասարակութիւնը։
Ծննդեան ծառի լուսաւորում
Համազգայինի «Նանօր» պարախումբը հրապարակային ելոյթ մը պիտի ունենայ Կիրակի 14 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Վիրոնայի քաղաքապետարանի առջեւ գտնուող հրապարակին առջեւ (Քարաոլի-Տիմիթրիու) «Ծննդեան ծառի լուսաւորումը» ընդհանուր բնաբանով։
Համազգայինի պարախումբէն զատ ելոյթ պիտի ունենան՝ քաղաքապետարանի փողերախումբը, Կրետէ կղզիէն եւ տեղական վարժարաններէն պարախումբեր։