
Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, մօտ 130 հայ ներկաներ հաւաքուած էին Սբ. Յակոբ Վարժարանի «Բաստրրմաճեան» սրահին մէջ, ծանօթանալու Երեւանէն ժամանած Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանին եւ դիտելու անոր վաւերագրական ֆիլմը՝ «Համշէնը՝ անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներուն»։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի «Սանահին» ֆիլմի ակումբին եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կողմէ։ Դոկտ. Սահակեան նոյն օրուան ընթացքին, առիթը ունեցած էր նաեւ այցելելու եւ իր ֆիլմը ներկայացնելու Սբ. Յակոբ Ազգային Վարժարանի երկրորդական կարգերու աշակերտներուն։
.............
Իր այս ֆիլմով, յարգելի փրոֆեսորը համշէնահայերու հայրենադարձութեան վերաբերեալ նոր էջ մը բացաւ ներկաներու պատկերացումներուն մէջ։ Ան յայտնեց, թէ համշէնցիներէն շատեր չեն հետաքրքրուած այդ խնդրով, եւ ոմանք տեղեակ իսկ չեն թէ իրենց խօսած լեզուն հայկական ծագում ունի։ Անոնք գոհ են իրենց հողերուն վրայ, իրենց վարած աշխատանքով եւ ապրած մշակոյթով, որուն կառչած կը փորձեն մնալ, իրենց երգ ու պարով, լեզուով եւ աւանդութիւններով։
Ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելով, ան ըսաւ թէ, իսլամացուած համշէնահայերու հարցը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ եւս առաջնահերթութիւն չի նկատուիր, եւ թէ իր հետազօտութիւնները զուտ անձնական հետաքրքրութիւններու վրայ հիմնուած են ու չեն վայելեր պետութեան նեցուկը։
Դոկտ. Սահակեան աւարտեց երեկոն նշելով իր յաջորդ ծրագիրը՝ վաւերագրական ժապաւէն մը Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն ապրած ու նահատակուած հայ բժիշկներուն մասին, նիւթ մը՝ որ ըստ արժանւոյն չէ քննուած ցարդ:
Երեկոյեան աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան մտերմիկ զրուցելու յարգելի փրոֆեսորին հետ:
Թամար Շահինեան Փօլատեան