
18 Մարտ 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, ծայր կ'առնէ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի երիտասարդ գրասէրներու խմբակին երկրորդ հաւաքը, որուն նիւթն է հայրենի բանաստեղծ՝ Համօ Սահեանը (1914-1993):
Շուրջս դիտելով կը խանդավառուիմ. այս ամիս եւս, այս անգամ՝ հակառակ դուրսը տիրող հաճելի կլիմային, գրեթէ յիսուն գրասէրներ ներկայ են. աւելին՝ ներկաներուն մէջ են տասնեակ մը երիտասարդներ: Քիչ անց, կը պարզուի որ ի տարբերութիւն Վահան Տէրեանին, Համօ Սահեանը անծանօթ է ոմանց համար. լաւ առիթ՝ որ հաւաքին ընդմէջէն, ներկաները ծանօթանան հայրենի վաստակաւոր գրողին եւ գաղափար մը կազմեն իր ստեղծագործութիւններուն մասին: Հակիրճ ներածականէ մը ետք, կարգը կը հասնի Մեղեդի Մնացականեանին:
Մեղեդի Մնացականեանը ծնած է Թորոնթօ. յաճախած՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը մինչեւ ութերորդ կարգի աւարտը: Համալսարանական ուսումը ամբողջացուցած է Թորոնթոյի համալսարանին մէջ, արժանանալով ուսուցչութեան վկայականին. այժմ նախակրթարան կարգերու ուսուցչուհի է: Հասակ առած է հայաշունչ ընտանիքի մէջ եւ յաճախ մասնակցած՝ Համազգայինի գրական ձեռնարկներուն. Համօ Սահեանը իր նախասիրած բանաստեղծն է: Մեղեդին անփոփ ձեւով կը ներկայացնէ Համօ Սահեանի կենսագրականը.- Սահեանի ծննդավայրը Հայաստանի Սիսեան շրջանի Լոր գիւղն է – այժմ՝ Սիւնիքի մարզը:
Ան աւարտած է Բագուի ուսուցչութեան համալսարանը. հրատարակած է բազմաթիւ ժողովածուներ, ինչպէս «Նայիրեան Դալար Բարտի», «Սեզամ Բացուիր», «Քարէ Պատարագ» եւ «Ինձ Բացակայ Չդնէք»: Բնոյթով համեստ մարդ եղած է. զինք ճանչնալու համար, իր ստեղծագործութիւնները կարդալու է: Մանաւանդ իր կեանքի վերջին տարիներուն, նիւթական ծանր պայմաններու մէջ ապրած է Սահեան, ինչ որ ցաւալի իրականութիւն է բազմաթիւ բանաստեղծներու պարագային: Աշխատակցած է բազմաթիւ թերթերու եւ կատարած՝ բազմաթիւ թարգմանութիւններ: Ինքնատիպ ոճով՝ Սահեան առաւելաբար երգած է մարդ արարածը եւ հայրենի բնաշխարհը:
Ներկաներուն համար պատրաստուած են Մեղեդիի ընտրած բանաստեղծութիւններուն պատճէնները, առիթ ընծայելով որ անոնք հետեւելով մեկնաբանութիւններուն, մասնակցին զրոյցին: Ընտրեալ գործերը բաժնուած են երեք գլուխներու.- հայրենասիրական, մարդկային եւ բնութեան հետ առնչուող բանաստեղծութիւններ. օրինակ՝ հայրենասիրականի բաժինին մէջ ընդգրկուած են «Հայաստան ասելիս», «Գարունդ հայերէն է գալիս» եւ «Կը գամ» նուրբ եւ զգացական բանաստեղծութիւնները: Կը ցուցադրուին կարգ մը տեսահոլովակներ, որոնց մէջ կայ Համօ Սահեանի կենդանի ձայնով արտասանուած՝ «Հայաստան ասելիս»-ը: Մեղեդիի եւ այլ մասնակիցներու կողմէ կը ներկայացուին Սահեանական այլ բանաստեղծութիւններ եւ հետզհետէ որոշ թեմաներ կը դրսեւորուին. օրինակ՝ անդրդուելի հաւատք՝ հայ ժողովուրդի յաւերժականութեան հանդէպ: Նաեւ նկատելի է Համօ Սահեանի ապրելու հանդէպ, կեանքի հանդէպ ունեցած դրական հայեացքը. իր մասին արտայայտուած է «Քարէ Պատարագ» հատորի խմբագիր՝ Յովհաննէս Այվազեանը, զինք արդարօրէն նկարագրելով՝ «Ապրեցնող է եւ Ապրող է»: Զուգահեռներ կը նկատուին Սահեանի եւ Վահագն Դաւթեանի ստեղծագործութիւններուն միջեւ, ինչ որ Մեղեդի Մնացականեանը արդէն կը նշէ իր ներկայացումի ընթացքին:
Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի փոխ ատենապետ՝ Ալին Տօնապետեանը, ձեռնարկի աւարտին, շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեղեդիին իր որակաւոր ներկայացումին համար եւ ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին եւ մասնակցութեան: Կ'ըլլան կարգ մը յայտարարութիւններ «Գլաձոր» մասնաճիւղի յաջորդ ձեռնարկներուն մասին: Առ ի գնահատանք իրենց տարած յոյժ գնահատելի աշխատանքին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ հրատարակուած՝ Համօ Սահեանի եւ Վահագն Դաւթեանի գեղեցկագոյն բանաստեղծութիւններէն կազմուած «Հատընտիր» ժողովածուէն օրինակներ կը ստանան Մեղեդի Մնացականեանն ու Ռազմիկ Մնացականեանը: Ներկաները սուրճի եւ կարկանդակի շուրջ կը զրուցեն Սահեանի մասին: Մեղեդին, իր կարգին, կը բաժնէ տպաւորութիւնները.- «Նախ՝ շատ ուրախ եմ, որ Համազգայինը այսպիսի հաւաքներ կը կազմակերպէ, առիթ ընծայելով որ մենք՝ երիտասարդներս, կարդանք եւ ուսումնասիրենք հայ գրողներու գործերը: Այս ներկայացումէն շատ բան սորվեցայ Համօ Սահեանի մասին, որուն մասին ունեցած տեղեկութիւնս սահմանափակ էին: Քաջալերելի էր տեսնել այլ հայ երիտասարդներ, որոնք այս հաւաքներէն խրախուսուած, պիտի միանան Համազգայինի գրասէրներու խմբակին. դրական զգացումներով կը մեկնիմ այսօր:»
Յաջորդ հաւաքի նիւթը Մեծ Եղեռնի զոհերէն՝ Սիամանթօն է:
Թամար Տօնապետեան