
Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 149-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայաստանի թատերական կեանքը` այսօր»: Նիւթը ներկայացուցին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեան եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան:
Մարտիկ Տէմիրճեան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեանը եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանը պիտի ներկայացնեն եւ զեկուցեն ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ եւ մասնաւորաբար Համազգային պետական թատրոնի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Անոնք պիտի անդրադառնան նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ստեղծուած թատրոնի վիճակին ու պայմաններուն:
Արման Նաւասարդեանը խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ թատրոնի կառավարման ձեւին եւ ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ թատրոններու հարցը օրհասական է: Վերջերս օգտագործուած է ՊՈԱԿ բառը, որ կը նշանակէ Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն: ՊՈԱԿ-ներուն մէջ կը գտնուին նաեւ թատրոնները: Բայց թատրոնները չեն կրնար կառավարուիլ ինչպէս բոլոր ՊՈԱԿ-ները, որովհետեւ թատրոնը իւրայատուկ կառավարման ձեւ կ՛ենթադրէ: Ան ըսաւ. «Մենք` թատրոնի մարդիկս, կ՛ուզենք , որ թատրոնի կառավարման ձեւը փոխուի եւ թատրոնի մասին օրէնք ըլլայ»: