
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին շահեկան քննարկում մը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ երիտասարդ թէ երէց մշակութասէրներու, ուսուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէր ազգայիններու: