
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի հերթական Մշակութային Երեկոն տեղի ունեցաւ 4 Դեկտեմբեր 2019-ին, այս անգամ նիւթ ունենալով կրթական ոլորտը ու յատկապէս՝ «Հայեցի Դաստիարակութիւն» եւ «Նարեկ վարժարանը տեղական ու եւրոպական կրթական համակարգին մէջ» նիւթերը։
Բանալով երեկոն, վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ու Պետական Ներկայացուցիչին ներկայութիւնը եւ ընդգծեց, որ «Նարեկ» վարժարանը կիպրահայ գաղութին միջնաբերդն է, եւ մենք պարտինք սիրով ու գուրգուրանքով շրջապատել զայն, պահպանելու համար համայնքի հայեցի նկարագիրը։
Կիպրահայ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ վաստակաւոր ուսուցիչ ու տնօրէն Վարդան Թաշճեան խօսեցաւ հայեցի կրթութեան մասին շեշտելով, որ հայապահպանութեան համար հայ դպրոցն ու հայ լեզուն հիմնական անհրաժեշտութիւններ են։ Ան անդրադարձաւ սփիւռքի հայութեան դիմակայած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն ճիգերուն, որոնք տակաւին կը տարուին կորուստէ փրկելու համար մեր ինքնութիւնը։ «Յուսախաբութիւններ միշտ կան, սակայն պէտք չէ յուսահատիլ, շարունակելով մեր պայքարը», եզրակացուց ան։
«Նարեկ» վարժարանի տնօրէն Վերա Թահմազեան տեսանիւթի օժանդակութեամբ ներկայացուց դպրոցին դերակատարութիւնը կիպրական կրթական համակարգին մէջ, ուր այլ վարժարաններու հետ գործակցութեամբ կը ծրագրուին ատենամարզանքներ, մրցոյթներ, խաղեր ու շրջապտոյտներ, որոնց մէջ գիտելիքներու պաշարով ու համարձակութեամբ կը փայլին «Նարեկ»ի աշակերտները։ Նոյնն է կացութիւնը համեւրոպական ծրագիրներու պարագային, ուր մեր աշակերտները հաւասարէ-հաւասար կը մրցակցին եւրոպական յառաջադէմ երկիրներու տիպար վարժարաններու աշակերտութեան հետ, միշտ բարձր պահելով իրենց հայութիւնը, Կիպրոսի ներկայացուցիչներ ըլլալով հանդերձ։ Ապա, դասատու Նորա Նաճարեան հետաքրքրական տեղեկութիւններ ներկայացուց վերջերս Յունաստանի մէջ կայացած եւրոպական ծրագրի մը «Նարեկ»ի մասնակցութեան մասին։
Փակելով երեկոն, Արթօ Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ելոյթ ունեցողներուն նշելով, որ Համազգայինը, իբրեւ կրթական ու մշակութային կազմակերպութիւն, մեծ հաճոյքով բեմ տրամադրեց «Նարեկ» վարժարանին, որպէսզի ժողովուրդը աւելի մօտէն ճանչնայ այն գովելի աշխատանքը, որ կը տարուի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։