
14 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հայկական ամառնային շարժապատկերի ցուցադրութիւնը։
Ընտրուածը՝ «Դաւիթ Բէկ», Էտմոնտ Քէօսեյեանի բեմադրութեամբ «Յուսոյ Աստղ» ստեղծագործութեան առաջին մասն էր։ Կեդրոնական դերը կը մարմնաւորէր Էտիշեր Մաղալաշվիլի, նաեւ կը մասնակցէին ժամանակին հանրածանօթ դերասաններ՝ Արմէն Ջիկարխանեան (Մխիթար Սպարապետ), Լաուրա Գէորգեան (Սաթենիկ), Խորէն Աբրահամեան (Տէր-Աւետիս), Սօս Սարգսեան (Մովսէս) եւ ուրիշներ։
Վարչութեան ատենապետ Ժագ Տամատեան շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայութեան համար հանդիսատեսներուն եւ կաթողիկէ Գերապայծառին՝ պաստառը տրամադրելու առթիւ, նշեց որ շարժապատկերի արուեստը մօտաւորապէս մէկ դարու գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանէն ներս։ Յաջորդաբար, ներկայացուց ժապաւէնին նիւթը՝ հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելով ներկաներուն: