
Բարձր հովանաւորութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ համագործակցութեամբ Հ.Գ.Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան, 28 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր 2019, Խալքիտիքիի Ամարանոցէն ներս տեղի ունեցան Հայկական Պարախումբերու Առաջին Վարպետաց Դասեր (Master Class) նախաձեռնութիւնը, մասնակցութեամբ Յունաստանի տարբեր քաղաքներէ (Աթէնքի «Նայիրի» Պարախումբէն՝ Էտկար Էկեան (Պարուսոյց), Նեքթարիա Միխայիլիտու, Վարդուհի Միխայիլիտու, Ժանէթա Ունանեան, Մարի Տանկուրեան, Թեսաղոնիկէի «Մասիս» Պարախումբէն՝ Ռաֆայէլ Վարդազարեան (Պարուսոյց), Արթիւր Պօղոսեան, Յարութ Պօղոսեան, Նորայր Իսակուլեան, Հրաչ Դաւթեան, Արմէն Իսակուլեան, Աւետիս Աւետիսեան, Ռոզա Արէյեան, Անահիտ Գարաօղլանեան, Անի Գալստեան, Ռայսա Արութինովա, Անժելա Գրիգորեան, Վահագ Նիկողոսեան, Ալինա Մաթոսեան, Մարինա Կարապետեան, Զախարիաս Գոլոնիարիս, Հայկ Չէմինեան, Աննա Մնացականեան, Մարիաննա Ծատինեան, Գոմոթինիի «Ուրարտու» Պարախումբէն՝ Ռուզաննա Զօհրապեան (Պարուսոյց), Սուսաննա Զօհրապեան, Գուրգէն Ռաֆայէլեան, Քրիսթինա Գիլինգարիտու, Խրիսա Գիլինգարիտու, Իլիանա Գիլինգարիտու, Համլէթ Ղազարեան, Ալեքսանտրա Աֆրիկեան, Անդրանիկ Աֆրիկեան, Մելինա Սանամեան, Արիս Աֆրիկեան, Եորղոս Գիլինգարիտիս, Նելլի Գոզմիտու, Աննա Գոզմիտու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ (Ռումանիոյ «Վարդավառ» Պարախումբէն՝ Պելա Մարտիկեան (Պարուսոյց), Մելինէ Ճավատեան, Մարինէ Փէրիխանեան, Սիրանոյշ Յովակիմեան, Արտակ Յովակիմեան, Սամուէլ Կարապետեան, Նարէ Կարապետեան, Ինեսա Թումանեանց, Հենրիկ Թումանեանց, Յարութ Գաբլանեան եւ Պուլկարիոյ «Նուր» Պարախումբէն՝ մենակատար Սրբուհի Մելքոնեան), աւելի քան 50 երիտասարդ-երիտասարդներու։
Վարպետաց դասերուն համար հրաւիրուած էր Պարագէտ, պարուսոյց CID UNESCO-ի ներկայացուցիչ՝ Անահիտ Սարիբէկեան։ Սոյն պարախումբերու համախմբումը նուիրուած էր մօտաւորապէս 2 ամիսներ առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան վաստակաշատ եւ գործունեայ Ատենապետ Յովսէփ Պարազեանի յիշատակին։ Սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էր նաեւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր արտօնութեամբ, Յունաստանի մէջ ծառայող Հոգեւոր Հովիւներ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարպետաց դասերուն՝ Հոգեւոր եւ Ազգային նիւթեր փոխանցելով։
5 օրուան վրայ տարածուած համախմբումի առօրեայ յայտագրի գործադրութեան Ընդհ. Պատասխանատուն էր Հիւսիսային Յունաստանի եւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան, որ որպէս երիտասարդ միաբան, մշտական տղոց հետ ըլլալով՝ կարողացաւ անոնց գրաւել եւ երիտասարդական ոգիով ներշնչել անոնց։ Անոնք ունէին ամէնօրեայ օրակարգ՝ զարթնում, մարզանք, դրօշակի արարողութիւն, նախաճաշ, դաստիարակչական ու բարոյական նիւթերու արծարծում, դասախօսական շարքեր, ծովագնացութիւն, ճաշ, հանգիստ, պարի փորձեր, ընթրիք, հայկական պարերով ուրախ ժամանց, եւայլն...։
Այս բոլորին կողքին եւս, Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ամէնօրեայ դրութեամբ պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն խօսեցաւ մշակոյթի, ազգային պատկանելիութեան ու ինքնութեան, յանձնառութեան, եկեղեցւոյ առաքելութեան ու կապուածութեան ու մանաւանդ հաւատարմութեան մասին, որ ոգեշնչեց անոնց, որպէսզի իրենց կապը պահեն եկեղեցւոյ, միութիւններու եւ ակումբներու հետ եւ իրենց երիտասարդական ոյժերը ներդնեն յանուն ազգի պահպանման եւ յաւերժութեան։
ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՕՐ ԵՒ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ.-
Շաբաթ, 31 Օգոստոս 2019-ը հրաժեշտի օրն էր։ Առաւօտեան, Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ Միաբան Հայրերու ու պարախումբի երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեամբ, Ամարանոցի մատրան առջեւ, տեղի ունեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն։ Կէսօրուան ժամերուն, Թեսաղոնիկէէն եւ Գոմոթինիէն 2 հանրակառքեր, ինչպէս նաեւ անհատ կամաւորներ, իրենց անձնական ինքնաշարժներով հասան Ամարանոց՝ ներկայ գտնուելու օրուան փառաւոր ճաշին՝ խորովածին եւ երեկոյեան փակման հանդիսութեան։
Երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Ամարանոցի մարզադաշտէն ներս, նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Հոգեւոր Հայրերու, Ազգ. Երեսփոխաններու, Ազգ. Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Թեսաղոնիկէի Կոմիտէի, Հայ Դատի, Հ.Գ.Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան, «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան, Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Հ.Գ.Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» Մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական Միութեան, Գոմոթինիի Մշակութային Միութեան, Թեսաղոնիկէի, Գոմոթինիի Եկեղեցիներու Թաղական Խորհուրդի Ատենապետներու եւ անդամներու, ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հայրենակիցներու։
Օրուան բացման խօսքը կատարեց Հիւսիսային Յունաստանի եւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան, որ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը Ամարանոցէն ներս եւ անցեալէն Ամարանոցի յիշատակներ նշելով, երիտասարդութեան կոչ ուղղեց շարունակելու իրենց պայքարը եւ իրենց ներկայութեամբ փաստելու, որ Հայ Երիտասարդը միշտ պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու Հայ կեանքէն ներս։ Ապա յաջորդաբար խօսք առին Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Կիւլա Գասապեանն ու «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան Ատենապետուհի Տիրուհի Ղալիլէա-Գալֆայեանը, որոնք իրենց շնորհաւորական ու շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան եւ Ամարանոցի վերականգման ապագայատեսիլ հեռանկարը պարզեցին Հայ Երիտասարդութեան ոյժ ջամբելով։
Աւարտին, հրաւիրուեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, որ առաջին հերթին բոլոր պարախումբերու անդամ-անդամուհիներուն՝ իրենց պարուսոյցներուն միջոցաւ յանձնեց Մասնակցութեան Վկայագիրները եւ ապա իր Հայրական Պատգամը փոխանցեց, ըսելով. «Այս հողամասը, Ամարանոցը իր առաքելութիւնը ունի ե՛ւ պատանիներուն, ե՛ւ երիտասարդներուն փոխանցելու Հայկական ազգային ոգի եւ հպարտութիւն։ Այս երկուքին, ջուրի հացի պէս մենք պէտք ունինք. Այս Ամարանոցը կը պատկանի բոլորին։ Ամարանոցը չի՛ կրնար դադրիլ եւ չի՛ դադրեցաւ եւ ձեր բոլորին աջակցութեամբ պիտի շարունակէ իր գոյամարտը, յանուն մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն...»։ Ան բարձր գնահատեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան ու յաջողցուցին այս առիթը իրագործելու եւ յատկապէս Համազգայինի մեծ ընտանիքին ու մասնաւորաբար Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Հ.Գ.Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր կամաւոր անհատներուն, որոնք սիրայօժար, կամաւոր եկան եւ աշխատեցան։ Ան գնահատեց նաեւ Պարախումբերու անդամ-անդամուհիներուն, որոնք եկան եւ իրենց ծանօթութեան վրայ աւելցուցին մասնագիտական գիտելիք ու վարժութիւն ու մանաւանդ ինքնավստահութիւն ձեռք բերին։ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ընդհ. Պարուսոյց՝ Անահիտ Սարիբէկեանին, որ կարողացաւ տղոց հետ մանկավարժական մեթոտներով առաւել եւս գիտելիքներ ջամբել։ Ապա, իւրաքանչիւր պարախումբ ելոյթ ունեցաւ տարբեր հայկական եւ աւանդական պարերով եւ աւարտին պարախումբերը միասնական գեղեցիկ պարով մը աւարտեցին օրուան փակման հանդիսութիւնը։
Վարպետաց Դասերու այս նախաձեռնութեան նպատակը եղաւ պարախումբերուն պարարուեստի ծանօթութիւնն ու որակ ը առաւել եւս բարելաւելու նպատակով հանդերձ՝ երիտասարդներ զիրար քով բերելու, ծանօթանալու, միասնաբար աշխատելու, համագործակցելու, ուրախ ժամանց անցնելու ու մանաւանդ Հայեցի Դաստիարակութիւն ստանալու։ Նշենք, որ պարախումբերու Վարպետաց Դասերը, որոնք յաջորդ տարիներուն ալ պիտի շարունակուին, յաջող սկիզբ մը ունեցաւ։
Այս նախաձեռնութիւնը եկաւ ապացուցելու, որ Հ.Գ.Խաչի Խալքիտիքիի Ամարանոցը կը շարունակէ ըլլալ նոր սերունդի՝ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն Հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը փոխանցող իտէալ վայրը եւ այս իրականութիւնը կը թելադրէ համահայկական ճիգերով, ի գին ամէն զոհողութեան գործօն պահել այս Ամարանոցը։