
Երկուշաբթի, 11 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ (17 rue Bleue 75009 Paris), Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ արուեստի եւ տեսութեան, Եունեսքոյի ամպիոնի վարիչ
Լեւոն Չուգասըզեան ներկայացուց հայ ժողովուրդին սարսափելի ճակատագիրէն՝ Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Մեծ Եղեռն, ազդուած ու ստեղծագործած հայ նկարիչներու գործերը։
Կորքի, Արշակ Ֆեթվաճեան, Կալենց, Գառզու, Ժանսեմ, Մելքոն Քեպապճեան, Սարգիս Խաչատուրեան, Ժիրայր Օրագեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Վարդան Մելքոնեան... գծած են հայկական ողբերգութիւնը։
Չուգասըզեան ըսաւ, որ նկարը աւելի ազդու է, քան խօսքը։
Հերա Թոսունեան