Skip to content
Facebook page opens in new window
Instagram page opens in new window
YouTube page opens in new window
Hamazkayin
Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Society
Լուրեր
Օրը-օրին
Հաղորդագրութիւններ
Լրատու
Տարեկան Տեղեկատու
Յօդուածներ
Տեսերիզներ
Յայտարարութիւններ
Մեր Մասին
Պատմութիւն
Հիմնադիրներ
Կազմակերպութիւն
Կանոնագիր
Կառոյց
Պատգամաւորական Ժողովներ
Կեդրոնական Վարչութիւններ
Գրասենեակներ
Յանձնախումբեր
Շրջաններ եւ Մասնաճիւղեր
Կապեր
Նախաձեռնութիւններ
h-pem
Արթլինքս
Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաք
Ֆորում
Մամլոյ արխիւի թուայնացում
ԱՐԴԻ տառատեսակ
Հրատարակչատուն, տպարան, ցուցասրահ
Գ. Իփէկեան թատերախումբ
Շքանշանակիրներ
Կրթական
ԵՊՀ-ի հետ գործակցութիւն եւ այլ կրթանպաստներ
Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Մարսիլիոյ Ճեմարանը
Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարան
Արշակ եւ ՍօՖի Գօլստըն Ճեմարան
Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր
Համազգային Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկ
Բագին
Պատմական
Թիւեր
Բացառիկներ
Արխիւ
«Բագին»ի բաժանորդագրութիւն
Դէմքեր
Նուիրատուութիւն
Search:
Search
Լուրեր
Օրը-օրին
Հաղորդագրութիւններ
Լրատու
Տարեկան Տեղեկատու
Յօդուածներ
Տեսերիզներ
Յայտարարութիւններ
Մեր Մասին
Պատմութիւն
Հիմնադիրներ
Կազմակերպութիւն
Կանոնագիր
Կառոյց
Պատգամաւորական Ժողովներ
Կեդրոնական Վարչութիւններ
Գրասենեակներ
Յանձնախումբեր
Շրջաններ եւ Մասնաճիւղեր
Կապեր
Նախաձեռնութիւններ
h-pem
Արթլինքս
Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաք
Ֆորում
Մամլոյ արխիւի թուայնացում
ԱՐԴԻ տառատեսակ
Հրատարակչատուն, տպարան, ցուցասրահ
Գ. Իփէկեան թատերախումբ
Շքանշանակիրներ
Կրթական
ԵՊՀ-ի հետ գործակցութիւն եւ այլ կրթանպաստներ
Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Մարսիլիոյ Ճեմարանը
Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարան
Արշակ եւ ՍօՖի Գօլստըն Ճեմարան
Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր
Համազգային Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկ
Բագին
Պատմական
Թիւեր
Բացառիկներ
Արխիւ
«Բագին»ի բաժանորդագրութիւն
Դէմքեր
Նուիրատուութիւն
Հայոց Մշտահունչ Զանգերը (Ոգեկոչման Հանդիսութիւն Նուիրուած՝ Հայ Նահատակ Մտաւորականներու եւ Թաքնուած Հայերու©©©) (Գանատա)
01
01
1970
Հինգշաբթի« 29 Ապրիլ« 2010« երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի հանդիսասրահին մէջ« կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Համազգային «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպած՝ Հայոց Մշտահունչ Զանգերը ընդհանուր խորագրով՝ գրական- գեղարուեստական մատուցումը: Կազմակերպիչ գրական յանձնախումբին կողմէ յայտագիր-թերթիկով այսպէս բնութագրուած էր օրուան յայտագիրը©- «Հայկական ցեղասպանութեան հանգրուանային՝ 95-ամեակի՝ ապրիլեան այս օրերու մթնոլորտին մէջ եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան առաքելութեան ծիրէն ներս« Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբիս կազմակերպած՝ «Հայոց Մշտահունչ Զանգերը©©©» խորհրդանշական անունով այս ձեռնարկը« կը միտի՝ ոգեկոչական եւ պատգամախօսական մատուցում մը ըլլալ՝ ցեղասպանութեան նահատակ հայ մտաւորականներու« որոնց արդարախօս ձայներն ու պատգամները Մշտահունչ Զանգերու պէս կը հնչեն ի լուր հայութեան« մարդկութեան եւ աշխարհին՝ Հայ Դատի արդարահունչ պահանջատիրութեան ղօղանջներով©©© 12« խորհրդանշական թիւով« նահատակ մտաւորականներու անուններ պիտի ներկայացուին գրական-գեղարուեստական այս մատուցումով© «Հայոց Անլռելի Զանգակատուն» Մեծն Կոմիտասէն մինչեւ հայ քերթողութեան գագաթներէն՝ Դանիէլ Վարուժանն ու Սիամանթոն« հայ նորավէպի իշխան եւ մեծ իրաւաբան՝ Գիրգոր Զօհրապէն մինչեւ շարունակուող ցեղասպանութեան նոր օրերու 1,500,000+1 նահատակ` լրագրող մտաւորական՝ Հրանդ Տինք©©© Այո°« Գրիգոր Զօհրապ եւ Հրանդ Տինք©©© տարբեր ժամանակներու մէջ ապրած հայեր« որոնք ունեցած են նոյնանման մտածումներ« պայքարելու խիզախ ոճ եւ ողբերգական վայրագ վախճան՝ միեւնոյն տեսակի բռնակալական ու ոստիկանական թուրք իշխանութիւններու կողմէ©©© Ցուցադրուող տեսաերիզ մը այսօրուան յայտագրով« պիտի պատմէ նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ այս օրերուն մօտ մէկ միլիոնի հասնող՝ հայկական ծագումով թրքացած եւ թաքնուած հայերու մասին« որոնք թէեւ սերունդէ սերունդ ցկեանս նահատակութեան դատապարտուեցան« բայց անոնք այս օրերուն «մշտահունչ զանգակներ»ու պէս կը յիշեցնեն իրենց ողբերգութիւնը աշխարհին եւ արդարութիւն կը պահանջեն©©© Վերջապէս՝ Համազգայինի հեզասահ սերնդափոխութիւնը պատկերացնող՝ առաւելաբար երիտասարդական ուժերով իրագործուած այս ձեռնարկը կþեզրափակուի յաւերժ երիտասարդ՝ Վարուժանեան հրեղէն պատգամներով եւ Սարտարապատեան յաղթական զանգերու մշտահունչ ղօղանջներով©©©» Առաջադրուած այս յայտագրի իրագործումը պէտք է ըսել« որ շնորհիւ արհեստագիտական բացառիկ մատուցումի մը (ձեւաւորում՝ Արա Տէր Յարութիւնեանի եւ ցուցադրութիւն՝ Չարլ Մաքլաուտի) ունեցաւ տպաւորիչ եւ հեզասահ ընթացք մը: Յայտագրի բացումը կատարուեցաւ Հազար Ափսո¯ս©©© (Մոկաց Միրզա) Կոմիտասի յուզաթաթաւ ձայնի եղերերգութեամբ« որուն երկարաձիգ «Ափսո¯ս»ները բիւրապատկուելով կը խորհրդանշէին կարծես՝ նոյնինքն Մեծն Կոմիտասի« մօտ 600-ի հասնող Ապրիլեան նահատակ մտաւորականներու 1.5 միլիոն ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն եւ սերունդէ սերունդ ցկեանս նահատակութեան դատապարտուած թաքնուած հայերու ողբերգութիւններն ու եղերերգութիւնները« զորս իր բացման խօսքով՝ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Մուշեղ Գարագաշեան: Այնուհետեւ՝ շարժապատկերի մը հեզասահ յաջորդականութեամբ պաստառին վրայ երեւցան 12« խորհրդանշական թիւով« նահատակ մտաւորականներու դիմանկարներն ու անունները իրենց ծննդեան եւ նահատակութեան թուականներով՝ խորհրդանշական զանգերու պատկերներով եւ ձայներով©©© ներկայացուող իւրաքանչիւր դէմքին հետ կատարուեցաւ նաեւ անոր կեանքին եւ գործերու ամփոփ արժեւորումները Համազգայինի շուրջ հաւաքուած 12 երիտասարդ ուժերու կողմէ« որոնք բոլորն ալ անխտիր շնորհաւորելի սահունութեամբ« յստակ առոգանութեամբ եւ ջերմ հաղորդականութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնները: Այսպէս՝ Կոմիտաս ներկայացուեցաւ Սարիկ Պապեանի կողմէ« Է© Ակնունին՝ Սուզան Նաճարեանի« Շաւարշ Քրիսեան՝ Խոնարհ Հալաճեանի« Ռուբէն Զարդարեան՝ Տարօն Քէսքինեանի« Ռուբէն Սեւակ՝ Ռուբէն Ճանպազեանի« Դանիէլ Վարուժան՝ Վարագ Պապեանի« Սիամանթօ՝ Րաֆֆի Սարգիսեանի« Թլկատինցի՝ Մեղեդի Մնացականեանի« Արտաշէս Յարութիւնեան՝ Սեւակ Յարութիւնեանի« Երուխան՝ Հրակ Փայլեանի« Գրիգոր Զօհրապ՝ Խաժակ Գուլաճեանի« իսկ Հրանդ Տինք՝ Նաթալի Ճիկէրճեանի: Յայտագիրը« մէջ ընդ մէջ« բարեխառնուեցաւ նաեւ գեղարուեստական մատուցումներով: Այսպէս՝ ուսուցիչ Մուշեղ Գարագաշեանի բեմականացումով« Հ©Օ©Մ©-ի երկրորդական Վարժարանի ԺԱ© կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Դանիէլ Վարուժանի Ձերբակալութիւնը» թատերական պատկերը« յայտնաբերելով թատերական շնորհալի տաղանդներ: Հ©Օ©Մ©-ի Վարժարանի երգեցողութեան ուսուցչուհի՝ Սօնա Յովսէփեան« դաշնակի ընկերակցութեամբ Վազգէն Գալճեանի« իր տիրապետող սոփրանօ ձայնով ներկայացուց Կոմիտասէն՝ Գարուն ա եւ Տըլե Եաման©©© Շնորհալի ասմունքող՝ Թամար Տօնապետեան« ջութակի ընկերակցութեամբ՝ Սօնա Գալթակեանի« ասմունքեց՝ Պ© Սեւակէն «Ղօղանջ Վերածնման»ը©©© Իսկ՝ «Վարդահեղեղ Արշալոյսներու եւ Նաւասարդեան Վարուժանեան պատգամները» ապրումով փոխանցեց՝ Դանիէլ Օհանեան: Ցուցադրուած՝ Թաքնուած Հայեր Թուրքիոյ Մէջ՝ տեսաերիզը կը պատկերացնէր հարկադրանքի տակ« բռնութեամբ իսլամացած հայերուն ողբերգութիւնը« որոնց յետնորդները մինչեւ այսօր« սերունդէ սերունդ« կþենթարկուին խտրականութեան« անարգանքի եւ շատեր կը փնտռեն եւ կþուզեն վերադառնալ իրենց հայկական ինքնութեան©©© Յայտագրի աւարտին Սարտարապատ յաղթերգի կշռոյթներով եւ Մշտահունչ Զանգերու ղօղանջներով բեմ բարձրացան այս յայտագրին մասնակցող մօտ 25՝ առաւելաբար երիտասարդները« որոնք միաձուլուելով պաստառին վրայ խմբովին երեւցող 12 նահատակ մտաւորականներուն« կազմեցին գեղեցիկ եւ խօսուն խորապատկեր մը եւ սրահին յոտնկայս մօտ 300 ներկաներուն հետ ձայնակցեցան Սարտարապատ յաղթերգի հայկական վերածննդեան պատգամներուն©©© Յայտագիրը աւարտած էր©©© Ականջ եւ հաւատքի բլթակ ունեցողները լիովին ընկալած էին բեմէն սրահ փոխանցուող պատգամները©©© Համազգայինը իր առաքելութեան մէջ էր©©©
Հաղորդագրութիւններ
Ֆորում
Կեդրոնական Վարչութիւն
Կրթական հաստատութիւններ
Այլ լուրեր
Շրջանային Վարչութիւններ
Հայաստան
ԱՄՆ եւ Գանատա
Աւստրալիա
Միջին Արեւելք
Եւրոպա
Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ
Վահէ Սէթեան տպարան
Բագին
Արցախ
h-pem
Ռուսիա
Share this
Share on Facebook
Share on Facebook
Share on WhatsApp
Share on WhatsApp
Tweet
Share on Twitter
Go to Top