
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երկուշաբթի, 25 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ միաւորներուն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան: Ան ըսաւ, որ Համազգայինը երգի, պարի, նուագի եւ խօսքի ընդմէջէն պիտի հաստատէ, որ ինք իր անդամներով պահանջատէրն է հայութեան արդար իրաւունքներուն:
Կիրակոսեան նշեց, որ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները օրըստօրէ կը դառնան աւելի ուժգին եւ պիտի գայ օրը, երբ թուրքը ծունկի պիտի գայ ու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յարգանք պիտի մատուցէ:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, որ նախ ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն, եւ ապա` յեղափոխական երգաշար մը:
Հրակ Փափազեան ընթերցեց Վահէ Օշականի «Տարեդարձ» ստեղծագործութիւնը, իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցը ներկայացուց «Գիւմրուայ շորոր» պարը:
Ներկաները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան եւ մշակութային եղեռնին նուիրուած տեսաերիզ մը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի լարային նուագախումբը, որ ներկայացուց Պախի «Էր ան Ճի սթրինկ»ը, Ալպինոնի «Ատաժիոն», Կոմիտասի «Ալ այլուղս»ը եւ «Հապրպան»ը (վերջին երկու ստեղծագործութիւնները վերամշակած է Սարգիս Ասլամազեան): Իսկ քոլեճի տուտուկահարներու համոյթը նուագեց «Սեւ մութ ամպեր»ը եւ «Կռունկ»ը:
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած Համազգայինի աւանդութեան վերածուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ Համազգայինի տհոլի համոյթի իւրայատուկ կատարումով: