
Հայրենի անուանի գեղանկարիչ Փարաւոն Միրզոյեան իր պատկերներով առաջին անգամ ըլլալով ներկայացաւ լիբանանեան հասարակութեան: Անոր ներկայացուցած 22 իւղաներկ եւ 13 փասթել գործերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէին բնանկարները, այլ խօսքով` անոր գեղանկարները կը կրէին Հայաստանի հաւաքական նկարագիրը:
Փարաւոն Միրզոյեանի ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրայի: Հանդիսութեան ներկայ էին Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրա, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արուեստասէրներ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Անժելա Տաղլեան: Ան ներկայացնելով Փարաւոն Միրզոյեանը ըսաւ, թէ մեծ հռչակ վայելող արուեստագէտը արժանացած է հայկական եւ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչի կոչումին (2014-ին): Միրզոյեան 2002-2014 վարած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ ներկայիս կը ղեկավարէ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի կերպարուեստի ամպիոնը: