
Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի քսանութ գործերէ բաղկացած ցուցահանդէսին բացումը: Ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հոլանտայի դեսպանը, ինչպէս նաեւ արուեստասէրներու բազմութիւն մը:
Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ 2013-ին առաջին անգամ առիթը ունեցած է հայրենիքի մէջ ծանօթանալու գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանին, որուն արուեստի աշխարհին ծանօթանալով, նաեւ ծանօթացած է Սայադեանի` խոհուն մտաւորականի եւ մեծ հայրենասէրի տիպարին: 2014-ին լիբանանահայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով առիթը ունեցած է հանդիպելու արուեստագէտին հետ եւ մօտէն առնչուելու հայաշխարհի հրաշալիքները կազմող եւ յատկապէս մեր բռնագրաւեալ հողերուն մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող արուեստի գոհարներուն: Հաւաթեան յայտնեց, թէ Համազգայինի ընտանիքին համար մեծ ուրախութիւն է այսօր դարձեալ հիւրընկալել Սայադեանը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: Ան աւելցուց, որ նկատի ունենալով, որ լիբանանեան մշակոյթը խոր կապեր ունի ֆրանսականին հետ, արուեստագէտը որոշեց այս անգամ ֆրանսական երեւոյթն ու նկարչական ոճը հանդիսացող փասթելով հանդէս գալ հանրութեան դիմաց: Ան ըսաւ, թէ արուեստագէտը կը հաստատէ, որ գեղեցկութիւնն ու նրբագեղութիւնը կը փորձէ իր ստեղծագործութիւններով երեւան բերել` հաւատալով, որ իւրաքանչիւր արուեստի գործ կ՛ունենայ իր պատգամը եւ արուեստագէտը այդ ճամբով կը փորձէ իր միտքն ու հոգին բացատրել: