
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի երգչուհի Սիլվա Յակոբեանի երգահանդէսը՝ մասնակցութեամբ «Քնար» պարախումբին եւ ներկայութեամբ հարիւրաւոր արուեստասէրներու:
«Գիշեր է», «Հատ-հատ», «Իմն ես», «Տնից փախել եմ», «Ինձ ներիր» երգերով շուրջ մէկուկէս ժամ ելոյթ ունեցաւ Սիլվա Յակոբեան, որ արժանացաւ ներկաներուն ջերմ գնահատականին: Յակոբեան յատուկ կերպով արժեւորեց լիբանանահայ հանդիսատեսը եւ նշեց, որ Լիբանանի մէջ ելոյթ ունենալը իրեն համար մեծ կարեւորութիւն ունի:
Հայրենի երգչուհիին հետ կամ առանձնաբար նաեւ ելոյթ ունեցաւ «Քնար» պարախումբը, որ ներկայացուց հայկական, յունական, արաբական եւ այլ պարեր:
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցան թերթիկներ, որոնց «Մեր խօսքը» բաժինին մէջ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը կը նշէ, թէ այս ելոյթը, կու գայ անգամ մը եւս շեշտելու, որ Հայաստան-Սփիւռք առողջ յարաբերութիւնները հայութեան գոյատեւման հիմնական երաշխիքն են: