
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթին, Երկուշաբթի, 25 Յունուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ, որուն նիւթն էր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ 2009-ին. խոստում եւ իրականութիւն»: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Երեւանի «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի վերլուծաբան եւ «Ազդակ» օրաթերթի Երեւանի աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները լոկ քաղաքական կամ առաւելագոյն պարագային տնտեսական խնդիրներ չեն, եւ նոյնիսկ այդ մէկը միայն միջպետական հարց չէ, որովհետեւ այդտեղ ժողովուրդի մը ճակատագիրն է, որ քննութեան առարկայ կը դառնայ: Ան աւելցուց, որ խնդիրը էապէս համազգային է ու համահայկական, եւ նշեց, թէ վերոնշեալ մեկնակէտով է, որ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս ձեռնարկին:
Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, թէ Թաթուլ Յակոբեանը լիբանանահայութեան համար հանրածանօթ դէմք մըն է, որուն գրիչն ու շունչը իր մասին բաւարար ծանօթացում ու պատգամ կը փոխանցեն:
Ապա բեմ բարձրացաւ Թաթուլ Յակոբեան, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին մասին տեղեկութիւններ ներկայացուց: Ան ըսաւ, թէ այս հիմնադրամը կþիրականացնէ գիւղական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մասին կը պատրաստէ տարեկան զեկուցումներ ու համացանցին ճամբով թէ հրատարակութիւններով կը հրապարակէ տարեկան, ամսական թէ շաբաթական քննական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ: Յակոբեան նշեց, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի զեկուցումները իւրայատուկ են, որովհետեւ այդ ուսումնասիրութիւնները կը պատրաստուին հայաստանցի մասնագէտներուն կողմէ:
Թաթուլ Յակոբեան յայտնեց, թէ «Հայաստանի հանրապետութիւնը՝ 2009-ին. խոստում եւ իրականութիւն» զեկուցում-հրատարակութիւնը ունի հիմնական երեք բաժիններ՝ Հայաստանը եւ իր դրացիները, Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը եւ Հայաստանի տնտեսական պատկերը: Ան հաստատեց, թէ նշեալ զեկուցումին մէջ շատ մեծ տեղ տրամադրուած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման:
Դասախօսը ըսաւ, թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ սփիւռքին նկատմամբ այնպիսի վերաբերմունք կայ, որ սփիւռքահայը միայն դրամ պէտք է ուղարկէ ու ատկէ անդին չխառնուի աշխատանքներուն, ինչ որ բացարձակապէս մերժելի է: Ապա Թաթուլ Յակոբեան պատասխանելով ներկաներուն հարցերուն խօսեցաւ բազմաթիւ հարցերու մասին:
Ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացի զարգացումներուն անդրադառնալէ ետք Թաթուլ Յակոբեան յայտնեց, որ հայ երիտասարդներուն շնորհիւ կարելի եղաւ ազատագրել հայրենիքը, եւ այս իրադրութեան մէջ դժուար է ստորագրել համաձայնագիր մը, որ յետս կը կոչէ այդ բոլորը: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի իրերայաջորդ նախագահները եթէ նոյնիսկ արտայայտութիւններ ունենան, թէ զիջումներու պատրաստ են երթալու, ապա անոնք գործնական առումով այդ քայլը չեն առներ, քանի որ անոնք վստահաբար կը մտածեն, թէ պատմութիւնը անոնց հետագային ի°նչ պատասխան պիտի տայ: Ան նշեց, որ հայութեան կողմէ բանակցողը ոչ միայն հող կու տայ, այլ հազարաւոր հայերու տեղահանութեան պատճառ կրնայ դառնալ, ինչ որ շատ դժուար է:
Յակոբեան հաստատեց, թէ երբ համայն հայութիւնը կրնայ վերաբնակեցնել Ղարաբաղը, ապա ոեւէ նախագահ չի կրնար դիմել որեւէ տեսակի զիջումներու: Այս ծիրին մէջ ան ըսաւ, թէ վերաբնակեցման գծով հայ ժողովուրդը չէ կրցած հասնիլ յաջողութեան՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին, տակաւին ուշ չէ եւ կարելի է փոփոխութիւն յառաջացնել:
Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումներուն մասին «Ազդակ»ի Երեւանի աշխատակիցը նշեց, որ վերջին երկու տարիներուն 10 հանդիպում կայացած է, եւ այս հանդիպումները կայացած են Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ: Ան նշեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան դիւանագիտական ձախողութիւններ թոյլ տուած է, քանի որ բանակցութիւններուն մէջ տեղ չէ գտած Ղարաբաղի ինքնորոշման խնդիրը:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն գծով Յակոբեան յայտնեց, թէ բնական է, որ յարաբերութիւններ հաստատուին, սակայն կտրուկ կերպով մերժելի է նախապայմաններ առաջադրելու մօտեցումը, որ պարտադրուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ: Տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու ճանաչման եզրերուն տարբերութիւնները ներկայացնելէ ետք Թաթուլ Յակոբեան նշեց, թէ ճիշդ է, որ Ղարաբաղի հարցը չկայ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ, բայց «ողջամիտ ժամկէտ»ի տրամաբանութիւնը արդէն բաւարար ցուցանիշ է:
Թաթուլ Յակոբեան զրոյցին ընթացքին նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ ռուսական գործօնին մասին, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան ու միջազգային դիւանագիտութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան, ժողովրդավարութեան ու այլ նիւթերու, որոնք կը հետաքրքրեն լիբանանահայ հասարակութիւնը:
Դասախօսական երեկոյի աւարտին Թաթուլ Յակոբեան ներկաներուն բաժնեց «Հայաստանի հանրապետութիւնը՝ 2009-ին. խոստում եւ իրականութիւն» զեկուցումէն օրինակներ:
Ազդակ Օրաթերթ